ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Զուիցերիոյ կառավարութեան յատուկ պատուիրակ Ժան Տանիէլ Ռոշը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութիւնը` նպատակ ունենալով յանգիլ Միջին Արեւելքի մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել: Քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութիւնը եւ ներքին գործոց նախարարութեան աշխատանքներն ու կարիքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Նէյլա Մուաուատ եւ Սելիմ Սայեղ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, որոնք քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ լիբանանեան մնայուն պատուիրակութեան նախագահ Նաուաֆ Սալամ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու պահանջին վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES