Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ստանձնած աշխատանքները շարունակեցէք ինքնավստահութեամբ, ի՛նչ ալ ըլլան օրուան հարցերը: Պիտի կարենաք յաջողութեամբ աւարտել ձեր վրայ դրուած պարտականութիւնները: Ուրախ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութիւն մը կատարելու ձեր ծրագիրը պիտի իրագործէք շուտով: Ձեր գացած տեղը պիտի ունենաք նոր հանդիպումներ, նոր ծանօթութիւններ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դուք ձեզ պիտի զգաք աւելի ազատ, որովհետեւ աւարտած էք ձեր վրայ դրուած բազմատեսակ պարտականութիւնները: Ունիք դրամական եկամուտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կարծէք, որ անտեսուած էք ձեր ասպարէզին մէջ: Ընդհակառա՛կն, ունիք ձեզի հիացողներ, որովհետեւ կ՛աշխատիք եռանդուն եւ արդիւնաւէտ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ քաջալերէք ձրիակերները, որոնք դատարկապորտ են եւ կ՛ուզեն օգտուիլ ուրիշներէն: Մի՛ խաբուիք անոնց անուշ լեզուէն եւ շողոքորթութենէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նուէր մը պիտի ընծայէք հարազատի մը` տարեդարձի կամ այլ ուրախ առիթով: Պայման չէ սուղ նուէրը: Նուիրեցէք պարզը եւ օգտակարը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ջանացէք հաւասարակշռել ձեր պիւտճէն` տնտեսական հարցերը նկատի առած: Ինչ որ անհրաժեշտ է, կատարեցէք չափաւորութեան սահմանին մէջ, կը շահիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաւանական է, որ անակնկալ գումար մը ստանաք: Ուրախ պիտի ըլլաք այս նորութեամբ: Օրը կը թելադրէ այցելել ձեր մէկ հարազատին կամ լքեալ անձի մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք օդի փոփոխութեան, ամառնամուտը մօտ է, հետեւաբար մտածեցէք ծով երթալու մասին, որ մարզանքի կարեւոր ձեւն է: Ընկերներով գացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Խնայողութիւնը կծծի ըլլալ չի նշանակեր, այլ` իմաստութիւն: Դրամ յատկացուցէք անհրաժեշտութեան պարագային, առանց ժլատ ըլլալու: Օրը յաջող է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Խնճոյքի մը պիտի հրաւիրուիք, ընդառաջեցէք: Ձեր արտաքին երեւոյթին հոգ տարէք, որպէսզի ձեզ թափթփած անձ չնկատեն: Ներկայանալի եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նորաձեւութեան հետեւիլն ալ արուեստ է: Մի՛ տարուիք արտառոց հագուելակերպերէ, մնացէք պատշաճութեան սահմանին մէջ, յարգեցէք ձեր տարիքը: Անձնական ճաշակ ունենալը արժանիք է, ուրիշը մի՛ ընդօրինակէք:

