Լամփար Կը Լքէ Չելսին

0306lampardԻր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Չելսիի խմբապետ Ֆրանք Լամփար ըսաւ, որ կը լքէ իր ակումբը:

Լամփար, որ 2001-ին միացաւ լոնտոնեան կազմին, անոր հետ 648 մրցումի ընթացքին նշանակեց 211 կոլ: Ան կը նկատուի ակումբին բոլոր ժամանակներուն լաւագոյն կոլսքորըրը:

Ան իր կազմին հետ երեք անգամ հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, իսկ 2011-2012 տարեշրջանին տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:

Խումբէն հեռանալու մասին իր այս յայտարարութիւնը կատարելու ընթացքին ան ըսաւ, որ ինք կը հեռանայ շատ ուրախ` նկատի ունենալով, որ ակումբին սեփականատէրը` Ռոման Ապրամովիչ, յաջողեցաւ ակումբը հասցնել բարձր մակարդակի:

Share this Article
CATEGORIES