Կռնակի Ցաւ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Այս գրութեան մէջ պիտի խօսիմ յատկապէս կռնակի վարի մասի, այսինքն ողնայարի մէջքին ողներու բաժինի ցաւի մասին, եւ շարունակ պիտի արտայայտուիմ միայն «կռնակի ցաւ» անունով:
Մեզմէ շատեր կը գանգատին կռնակի ցաւէ. անիկա յաճախակիօրէն պատահող երեւոյթ մըն է: Չափահասներուն 60 առ հարիւրէն աւելին կ՛ունենան զայն, մանաւանդ` 60 տարեկանէն ետք: Անիկա կը հարուածէ մարդկութիւնը առանց սեռի, գոյնի եւ տարիքի խտրութեան: Առաջին անգամ կռնակի ցաւ ունեցող մը շատ մեծ հաւանականութիւն ունի ապագային կրկնելու զայն: Տարեցներ, ծխախոտ գործածողներ, երկար ժամերով ինքնաշարժ վարողներ, գրասենեակներու մէջ երկար ժամեր անշարժ աշխատողներ, ֆիզիքական ծանր աշխատանք տանող անհատներ, անշարժ-նստակեաց մարդիկ, հոգեկան ընկճուածութիւն եւ հոգեբանական խանգարումներ ունեցողներ աւելի հակամէտ են ունենալու կռնակի ցաւը:
Կռնակի ցաւը լաւապէս հասկնալու եւ անոր ախտաճանաչումը կատարելու համար գիտնալու ենք ողնայարին կազմաւորումը: Ողնայարը կազմուած է 33 ողներէ, որոնցմէ առաջին 7 հատը կը կոչուին պարանոցային (cervical) ողներ, ասոնց կը յաջորդեն 12 լանջային (thoracic) ողները, 5 միջային եւ կամ մէջքի (lumbar) ողները, 5 սրբանային (sacral) ողները եւ 4 պոչային (coccygeal) ողները: Ընդհանրապէս սրբանային եւ պոչային ողները առանձնաբար միաձուլուած կ՛ըլլան եւ կը ներկայանան որպէս երկու ամբողջութիւններ: Մէջքի 5 ողներէն վերջինը յաճախ միաձուլուած կ՛ըլլայ սրբանային առաջին ողնին հետ: Իւրաքանչիւր ողն կազմուած է հաստատուն մարմինէ մը, կեդրոնական մեծ բացուածքէ մը եւ կողմնակի ցցուն ոսկրային թեւերէ, ողնոսկրներու կեդրոնական շարունակական բացուածքները կը կազմեն երկար խողովակ մը ողնայարին ամբողջ երկարութեան, իսկ ոսկրային կողմնակի թեւերու շարունակականութիւնը կը ստեղծէ ողնոսկրային կողմնակի պզտիկ ծակտիկներ: Ողնածուծը, որ շարունակութիւնն է ուղեղին, զետեղուած է ողնայարի կեդրոնական խողովակին մէջ: Ողնայարի կողմնակի ծակտիկներէն դուրս կու գան ողնածուծի 30 ջիղերը, որոնք կը տարածուին դէպի մարմնին բոլոր մասերը: Այս ջիղերուն 8 հատը կը կոչուին պարանոցային ջիղեր, 12 հատը` լանջային ջիղեր, 5 հատը` միջային մէջքի ջիղեր, եւ 5 հատը` սրբանային ջիղեր: Ողներու հաստատուն մարմիններու միջեւ կը գտնուին յատուկ բոլորակաձեւ սալեր (disc), որոնք կը պաշտպանեն ողները հարուածներէ եւ ողնայարին կու տան շարժումի որոշ ազատութիւն: Ողները իրարու կապուած են աճառային (cartilaginous) յօդերով, մկաններով, մկանային լարերով եւ մաշկային հիւսուածքներով: Ողնայարը կը գործէ որպէս յենարան եւ կը շալկէ ամբողջ իրանը` ուղղաձիգ վիճակի մէջ:
Կռնակի ցաւը կրնայ ըլլալ սուր կամ աղօտ, շարունակական եւ կամ ընդմիջումով` համաձայն ախտապատճառին եւ անոր հետ միատեղ պատահած մկանային պրկուածութեան: Տեղայնական ցաւին հետ միատեղ կրնան պատահիլ նաեւ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ ջղային (neurological) ախտանշաններ` նայած ողնածուծի եւ ողնածուծի ջիղերուն կրած վնասին: Այս ախտանշաններէն կարեւորագոյններն են` յետոյքի, զիստի, կոնքի, սրունքներու, ոտքի եւ ոտքի մատներու ցաւ, սրունքի, ոտքի եւ ոտքի մատներու մակերեսային թմրութիւն եւ անզգայութիւն, ինչպէս նաեւ` մկանային տկարութիւն:
Կռնակի ցաւը կը յառաջանայ բազմակողմանի ախտապատճառներով: Այս ախտապատճառները կրնան ըլլալ`
Ա. Հիմնական ախտապատճառներ.
Բ. Երկրորդական ախտապատճառներ.
Հիմնական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.
1. Ողներու ընդոծին անբնական կազմաւորում.
2. Ողներու լաւորակ եւ չարորակ ուռեր: Այս ուռերը կը նեղցնեն ողնածուծի անցքը եւ կը ճնշեն ողնածուծին եւ անկէ ճիւղաւորուող ջիղերուն վրայ` յառաջացնելով հետեւեալ ախտանշանները.
ա. Տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
բ. Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
գ. Սրունքի եւ ոտքի մկաններու տկարութիւն ու քալելու դժուարութիւն.
3. Ողնածուծի լաւորակ եւ չարորակ ուռեր.
4. Ողնածուծի զարկերակային եւ խելապատակային (meningeal) ուռեր.
5. Ողնածուծէն դուրս ելլող 30 ջիղերու ուռեր.
6. Ողներու հարուածային վնաս եւ կոտրուածք.
7. Մէջքի մկանային գալարում-պրկուածութիւն (strain, sprain).
ա. Անշարժութիւն, նստակեաց կեանք, մարզանքէ խուսափում.
բ. Սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք.
գ. Ծանր առարկաներ վերցնել-շալկել.
դ. Ծանր պայուսակ մը ուսէն երկար ատեն կախել.
ե. Սխալ նստուածք, քալելու ձեւ եւ մարզանքի ձեւեր.
8. Ողներու ծանր մետաղներով թունաւորում, ի մասնաւորի` ռատիոմ.
9. Ոսկրափխրում (osteoporosis).
10. Ռոմաթիզմային ողնոսկրատապ (vertebral rheumatoid arthritis).
11. Մաշումի հիւծիչ ողնոսկրատապ. (degenerative osteoarthritis).
12. Մանրէական ողնոսկրատապ (infectious arthritis).
13. Ողնայարի սալաթափութիւն (herniated disc). այս պարագային սալ մը կը շարժի, կը սպրդի եւ կողմնակի կ՛ուղղուի դէպի աջ կամ ձախ. այս սպրդումով սալը կը ճնշէ ողնայարէն դուրս ելլող ջիղին վրայ եւ կը յառաջացնէ հետեւեալ ախտանշանները.
ա. Կռնակի տեղայնական ցաւ, որ կրնայ տարածուիլ դէպի զիստ, կոնք, սրունք, ոտք եւ ոտքի մատներ.
բ. Ոտքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն.
գ. Աղիքներու եւ միզապարկի խանգարում` անդամալուծութիւն, միզարձակութիւն (urinary incontinence), կղկղանքարձակութիւն (fecal incontinence).
14. Ողնայարի ֆիզիքական հարուած եւ վնասուածք.
ա. Ինքնաշարժի արկածներ.
բ. Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ պառկիլ, որ կը խախտէ ողնայարին ուղիղ դիրքը.
գ. Կռնակի սխալ դիրքորոշում` տեսողութեան տկարացումով, մասնաւորաբար ինքնաշարժ վարելու եւ համակարգիչ գործածելու ընթացքին.
դ. Շատ կարծր եւ կամ շատ փափուկ ներքնակի-լանջապնդակի (corset) գործածութիւն, որ ողնայարը կը ձեւափոխէ.
ե. Անհանգիստ եւ բարձ կրունկով կօշիկներու գործածութիւն:
Երկրորդական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները.
1. Հեռաւոր վայրէ մը տարածուած չարորակ ուռեր, ի մասնաւորի` կրծքագեղձի, շագանակագեղձի, երիկամներու, թոքերու եւ վահանագեղձի ուռերը, որոնք կրնան ըլլալ ոսկրաքանդիչ եւ կամ անբնականօրէն ոսկրաշէն:
2. Որովայնի մեծ շնչերակի լայնացում. ասիկա ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներուն, եւ անոնց, որոնք կը տառապին յառաջացած պնդերակութենէ եւ արեան գերճնշումէ: Ենթական կ՛ունենայ որովայնի եւ կռնակի խորունկ ցաւ, պաղ եւ տժգոյն սրունքներ, ոտքի երակային զարկի տկարացում:
3. Արգանդի նեարդակերպ ուռեր (fibroid).
4. Կոնքի ներքին ուռեր եւ հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` շագանակագեղձի հիւանդութիւններ.
5. Հոգեբանական հիւանդութիւններ` ջղագարութիւն (hysteria) եւ հիւանդակեղծութիւն (malingering).
Կռնակի ցաւի ախտաճանաչումը կը կարօտի հետեւեալ մանրակրկիտ բժշկական միջոցառումներուն.
1. Ապահովել հիւանդէն իր հարցին մանրամասն նկարագրութիւնը.
2. Կատարել բժշկական մարմնական, ֆիզիքական ընդհանուր քննութիւն.
3. Կատարել Քէ ճառագայթային յատուկ նկարահանումներ` պարզ շողանկարահանում, CT scan եւ MRI.
Ընդհանրապէս կռնակի ցաւէ տառապողներուն 90 առ հարիւրը կը բարելաւուի 2-4 շաբաթներու ընթացքին. մնացեալ 10 առ հարիւրն է որ կը կարօտի աչալուրջ եւ երկարատեւ բժշկական խնամքի, ինչպէս նաեւ` հիւանդին երկարաշունչ համբերութեան ու հասկացողութեան:
Բժիշկը մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու է հետեւեալ հիւանդներուն, որոնք կռնակի ցաւով իրեն կը դիմեն.
1. 20 տարեկանէն վար եւ 60 տարեկանէն վեր հիւանդներ.
2. Հարուածի ենթակայ եղողներ, բարձրութենէ վար ինկած եւ ինքնաշարժի արկած ունեցածներ.
3. Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ցաւի սաստկացում ունեցածներ.
4. Անցեալին խլիրդէ տառապողներ.
5. Երկարատեւ քորթիզոն գործածողներ.
6. Էյտզ պարագաներ.
7. Միզարձակութիւն եւ կղկղանքարձակութիւն ունեցողներ.
8. Ոտքերու տկարութիւն, անզգայութիւն եւ թմրութիւն, ինչպէս նաեւ` քալելու անկարողութիւն ունեցողներ.
Վերոյիշեալ բոլոր պարագաները կը նկատուին շտապ օգնութեան պէտք ունեցող պարագաներ եւ անմիջական հիւանդանոցային խնամքի կարօտեալներ:
Կռնակի ցաւի դարմանումը կ՛ըլլայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Կատարեալ անկողնային հանգիստ.
2. Միջակ կարծրութեամբ անկողինի գործածութիւն.
3. Ցաւաբեկ դեղերու գործածութիւն.
4. Տեղայնական ջերմութեան գործածութիւն.
5. Թեթեւ, պարզ մարզանք` հիւանդութեան սկզբնաւորութեան, ապա` յատուկ մարզանքներ.
6. Չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային` նիհարնալ.
7. Դարմանելով կռնակի ցաւին թէ՛ հիմնական եւ թէ՛ երկրորդական ախտապատճառները դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութիւններով:
Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ կռնակի ցաւին. այո՛, կարելի է:
Հիմնական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը կրնանք նուազագոյնի իջեցնել, որոշ պարագաներուն մէջ, ուշադիր ըլլալով հետեւեալ թելադրութիւններուն.
– Հեռու մնալ անշարժութենէ եւ նստակեաց կեանքէ.
– Շարունակ մարզանքի հետեւիլ.
– Չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային` նիհարնալ.
– Սխալ շարժումներ չընել, ծանր առարկաներ չշալկել, մանաւանդ` ծանր պայուսակ մը երկար ժամանակ ուսէն չկախել.
– Սխալ դիրքորոշումով համակարգիչին դիմաց ժամերով չնստիլ. նստիլ ճիշդ համակարգիչին դիմաց եւ աչքերը պահել պաստառին բարձրութեան.
– Սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք չտանիլ.
– Ուղիղ կեցուածք ունենալ. ուղիղ քալել, նստիլ եւ կանգնիլ.
– Քնանալ միջակ կարծրութեամբ անկողինի վրայ. շատ փափուկ անկողինը կը ձեւափոխէ ողնայարը.
– Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ չպառկիլ, որպէսզի ողնայարին ուղիղ դիրքը չխախտի: Թելադրելի է պառկիլ կողմնակի եւ կամ կռնակին վրայ ու գործածել հանգստաւէտ բարձ մը:
– Բարձր կրունկով կօշիկ չհագնիլ, որպէսզի ողնայարը չծռի.
– Հետեւիլ առողջ սննդականոնի, հարուստ` կիրով եւ ֆոսֆորով.
– Գործածել կարեւոր կենսանիւթեր` մասնաւորապէս` Տէ կենսանիւթը:
Երկրորդական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը, որոշ պարագաներու մէջ կարելի է նուազագոյնի իջեցնել` հիմնական ախտապատճառը դարմանելով շատ կանուխէն:
Մոնրէալ