Ուաշինկթըն Հերքած Է Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու Հասցէին Էրտողանի Մեղադրանքը
Թրքական «Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մեղադրանքը` ամերիկեան լրատուամիջոցներու, մասնաւորաբար «Սի.Էն.Էն.»-ի կողմնակալութեան առնչութեամբ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնած է, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը անկախ լրատուամիջոց է:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան, ինչ որ ամերիկացի լրագրողին արտօնութիւն կու տայ լուսաբանելու երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները», ըսած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ շաբաթ օր Կեզի հանրապարտէզի դէպքերու տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին «Սի.Էն.Էն.»-ի լրագրողը ուղղակի սփռումի ընթացքին ձերբակալուած է եւ մեղադրուած «լրտեսութեան» համար:
CATEGORIES Միջազգային

