Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նկատմամբ Բացասական Վերաբերմունքը Աշխարհի Վրայ Աճած Է
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը` վկայակոչելով «Պի.Պի.Սի.»-ի պատուիրած ընկերաբանական հարցախոյզը, կը հաղորդէ, որ աշխարհի վրայ Ռուսիոյ նկատմամբ վերաբերմունքը վերջին տարուան ընթացքին լրջօրէն վատթարացած է:
9 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հարցախոյզի մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը բացասաբար արտայայտուած է Ռուսիոյ մասին: Հարցախոյզի մասնակիցներուն միայն 31 առ հարիւրը համակրանք արտայայտած է:
Ռուսիոյ նկատմամբ ամէնէն վատ ընկալումը ունին Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ: Դրական մօտեցում ամէնէն յաճախ կ՛արտայայտեն ասիական երկիրներու բնակիչները:
Հետազօտութեան հիմնական մասը կատարուած է Խրիմի միացումէն եւ Ուքրանիոյ դէպքերէն առաջ: Այն ժամանակ եւս լարուածութիւն կար Մոսկուայի շուրջ` հակառակ Ողիմպիական խաղերուն, ԵՈՒՔՕՍ ընկերութեան նախկին ղեկավար Միխայիլ Խոտորքովսքիի եւ «Փուսի Ռայըթ» խումբի ձերբակալուած անդամներուն ազատ արձակման հարցերով:
Ըստ նոյն հարցախոյզին, աշխարհի վրայ զգալիօրէն վատթարացած է վերաբերմունքը նաեւ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ: Բացասական վերաբերմունքը աճած է վերջին երեք տարիներուն:
Հարցախոյզին մասնակցած է 24.5 հազար մարդ` աշխարհի 24 երկիրներէ: Անոնցմէ խնդրած են գնահատական տալ Եւրոպական Միութեան անդամ եւ այլ` 16 երկիրներու: Բացասական ազդեցութեամբ երկիրներու շարքին են նաեւ Իսրայէլը, Հիւսիսային Քորէան եւ Իրանը:

