Էքուատորի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին. Լամփար Նշանակուեցաւ Անգլիոյ Խմբապետ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ռոյ Ռոճսըն Ֆրանք Լամփարը նշանակեց խումբի խմբապետ` Էքուատորի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին համար:
34 տարեկան Լամփար, որ յայտարարեց, թէ 13 տարի մաս կազմելէ ետք Չելսիի, պիտի հեռանայ Լոնտոնէն եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այսօրուան այս մրցումին 104-րդ անգամ ըլլալով պիտի կրէ Անգլիոյ շապիկը:
Նշենք, որ Ուէյն Ռունի, որ Ֆիզիքականօրէն այդքան ալ լաւ կազմուածքի մէջ չէ, նկատի առնուած է իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալին, Անգլիա, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Ուրուկուէյը եւ Քոսթա Ռիքան:
CATEGORIES Մարզական

