Միջազգային Ֆութպոլ. Պարսելոնա Կը Մտադրէ Ֆրանսայի Ախոյեանութիւն Տեղափոխուիլ

0406cataloniaԻր լուրը քաղելով «Ինտիփենտընթվելի» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, ըսելով, որ Պարսելոնա կը քննարկէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութիւն տեղափոխուելու կարելիութիւնները:

Ակումբը կրնայ նման քայլի մը դիմել, եթէ Քաթալոնիա անկախանայ Սպանիայէն: Երկրին այս մարզը յայտնի է իր հակասպանական տրամադրութիւններով:

Նախապէս, այլ առիթով, Պարսելոնա սպառնացած էր նման քայլի մը դիմել եւ տեղափոխուիլ ֆրանսական «Լիկ-1» կամ իտալական «Սերի-Ա»: Սակայն այդ ժամանակ ակումբը կ՛ուզէր նման քայլի մը դիմել ի նշան բողոքի, եթէ Քաթալոնիան չանկախանայ Սպանիայէն:

Նշենք, որ Քաթալոնիոյ մայրաքաղաք Պարսելոնայի մէջ կայ այլ ակումբ մըն ալ «Փրեմիեր լիկ»-էն` Էսփանիոլ:

Share this Article
CATEGORIES