Մամլոյ 95-րդ Լսարան. Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան Ներկայացուց «Հրանդ Նազարեանց. Լուսաւոր Բանաստեղծը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

IMG_2948Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած  մամլոյ 95-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 յունիս 2014-ին, երեկոյան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան եւ հրաւիրեց հայրենի բանասէր, գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայացնէ Հրանդ Նազարեանցի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը:

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան ողջունելէ ետք ներկաները, Հրանդ Նազարեանցը ներկայացուց արեւմտահայ այն բանաստեղծներու շարքին, որոնք հայ գրականագիտութեան ուսումնասիրողներու ուշադրութենէն դուրս մնացեր են: Ան ստեղծագործեր ու գրական գործունէութիւն ծաւալեր է Միսաք Մեծարենցի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի օրերուն: Ան այս գրական միջավայրին մէջ աննկատ գործող մը չէր, այլ արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ միշտ ալ ներկայ եղած է թարգմանութիւններով, բանաստեղծութիւններով: Հրանդ Նազարեանց հայկական խորհրդապաշտութեան ամէնէն վառ արտայայտուած քերթողներէն մէկն է, ըսաւ Տէր Խաչատուրեան, բայց դժբախտաբար ուսումնասիրողները չեն անդրադարձած անոր ժառանգութեան, եւ մատնուած է մոռացութեան:

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեան

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան

Անտառի հզօրութիւնն ու գեղեցկութիւնը արտայայտողները միայն հսկայ կաղնիները չեն: Ամէն մէկ թուփ, անտես ու աննկատ ծաղիկն անգամ մաս կը բերէ անտառի գեղեցկութեան, օրինակ բերաւ Տէր Խաչատուրեան եւ աւելցուց, որ գրականագէտին, գրականութեան, պատմաբանին խնդիրը պէտք է ըլլայ տեսնել ու բացայայտել իւրաքանչիւր տաղանդաւոր գրողի ստեղծագործութեան խորքը, հմայքը, իւրայատկութիւնները:

Երուանդ Տէր Խաչատուրեան յիշեց գիրքի ստեղծման շարժառիթը: Մամուլի արխիւներուն մէջ թիւ առ թիւ տարիներու տքնաջան պրպտումներուն աւարտին յաջողած է պատրաստել 800 էջնոց այս գիրքը: 2008-ին, որ լոյս կը տեսնէ Հրանդ Նազարեանցի «Աստեղահեւ մենութիւն» ժողովածուն, զոր կազմեր, առաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրեր է Երուանդ  Տէր Խաչատուրեանը:

Տէր Խաչատուրեան բացատրեց, որ ժողովածուն կը բովանդակէ «Խաչուած երազներ» գիրքը, որ Նազարեանցի կեանքի ընթացքին հրատարակուած հայերէն բանաստեղծութիւններու միակ գիրքն է, արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ մնացած բանաստեղծութիւններ, չափածոյ եւ արձակ թարգմանութիւններ, դիմանկարներ, յօդուածներ, նամակներ եւ այլն: Ապա Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Նազարեանցի կեանքը: Ան Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը ծնած  է: Ստեփանոս Նազարեանցի պատկառելի գերդաստանէն սերած է: Երիտասարդ տարիքին ուսանելու համար անցած է Փարիզ, Լոնտոն, ապա վերադարձած Պոլիս: Ան հայ գրական միջավայր մտած է թարգմանական հրապարակումով մը, որմէ ետք «Ջութակը» վերնագիրով բանաստեղծութեամբ, որի առաջին գործն է եւ տպագրուած «Բիւրակն» հանդէսին մէջ, Պոլիս: Նազարեանցի առաջին տպագիր գիրքը լոյս կը տեսնէ 1912-ին` «Խաչուած երազներ» խորագիրով, որ կ՛արժանանայ գրական միջավայրի ուշադրութեան, Ռուբէն Զարդարեանի, Մերուժան Պարսամեանի եւ մանաւանդ Դանիէլ Վարուժանի գնահատական խօսքերով, վերջինս այդ գծով կ՛ըսէ` «Լուսաւոր բանաստեղծ մըն է»:1912 թուականին Լիպարիտ Նազարեանցի հետ միասին, մասնակցութեամբ Ռուբէն Զարդարեանի եւ Լեւոն Շանթի, կը խմբագրէ «Ազատամարտ» շաբաթաթերթի «Բագին»  գրական յաւելուածը:

Կոստան Զարեանի հետ Նազարեանց գրական հաւատոյ հանգանակ մը կը հրապարակէ, փորձելով նոր գաղափարներ, նոր շարժում, փոփոխութիւն իրականացնել պոլսահայ մտաւորական միջավայրին մէջ: Տէր Խաչատուրեան յիշեց նաեւ, որ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը ազդեր է Նազարեանցի վրայ: Եւ ան Եղիայի կեանքի ամէնէն ծանր օրերուն միշտ կողքին եղած է: Նազարեանց հրատարակեր  է «Եղիա Տէմիրճիպաշեանի սիրային նամակները. 1886-1889» իր յառաջաբանով: Տէր Խաչատուրեան յիշեց նաեւ այն օրերուն գրական հակադիր խմբակներու տարած քարոզչութիւնը, ապա աւելցուց, որ այնուհետեւ ծայր կ՛առնեն գրական հալածանքներ, անոր հասցէին վիրաւորական հրապարակումներ կը տպուին եւ ընտանեկան դժուար կացութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ան ընդմիշտ հեռանայ Պոլիսէն ու պոլսահայ գրական միջավայրէն: 1913-ին  կ՛անցնի Իտալիա եւ կեանքի վերջին 48 տարին կ՛ապրի Պարի քաղաքը: 1915-ին կը կորսնցնէ իր տարեկից բոլոր գրողները եւ կը մնայ բոլորովին մինակ:

Իտալացի յայտնի գրողներու թարգմանութեամբ յաջորդաբար լոյս կը տեսնէ անոր ժողովածուները, ֆրանսերէն  կը թարգմանուի «Խաչուած երազներ»-ը: Աւելի ուշ իտալերէնով կը հրատարակուին բանաստեղծի «Վահագն» ժողովածուն, «Երեք պոեմ» ծաւալուն գիրքը: Այդ շրջանին կ՛ուսումնասիրէ Պ. Դուրեանի գրականութիւնը, անոր նուիրուած աշխատութիւններ կը գրէ: Իտալացի գրող Ռոպերթօ Սարուազիի հետ կը խմբագրէ «Ֆանթասմա» ամսագիրը, ուր կը հրատարակէ հայ բանաստեղծներու գործեր, խմբագրական աշխատանքներ կը տանի իտալական կարեւոր հանդէսներու մէջ:

Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ թէեւ Նազարեանց խորհրդապաշտ գրող էր, բայց առանձնակի վերաբերում ունէր ապագայապաշտութեան հետ:

Հրանդ Նազարեանց կ՛ընտրուի Իտալիոյ ակադեմիայի անդամ, կը նշանակուի բանաստեղծութեան մասնաճիւղի նախագահ, իտալացի մտաւորականները զինք կը ներկայացնեն շուէտական ակադեմիային իբրեւ Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու: Իր մտաւորական կեանքի 48 տարիները տրուեցան հարուստ իտալական մշակոյթին, դառնալով անոր մէկ մասնիկը, տարածելով նաեւ իր ազգային մշակոյթը, գրականութիւնը: Նազարեանց մեր այն քիչ գրողներէն է, աւելցուց Տէր Խաչատուրեան, որ ստեղծագործեց օտար լեզուով, Կ. Զարեանի, Շահնուրի, եւ այլոց կողքին: Ստեղծագործած է իտալերէնով,  ֆրանսերէնով եւ հայերէնով: Հակառակ իր այս մեծ համբաւին ու հռչակին ծերութեան կը մնայ մինակ ու բոլորովին լքուած, իսկ յուղարկաւորութեան հազիւ քանի մը հոգի ներկայ կ՛ըլլան: Ան հազուագիւտ գրողներէն է, որ օտար գրականութեան մէջ հետք մը ձգած է, գեղարուեստական արժէք մը ստեղծած:

Տէր Խաչատուրեան եզրափակեց, որ բանաստեղծի մահէն 50 տարի ետք իտալացիները ամէն տարի պատշաճ յարգանքով կը յիշեն անոր անունը եւ անոր լուսաւոր գործունէութիւնը: Սարգիս Կիրակոսեան Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին եւ նկատել տուաւ ներկաներուն, որ պիտի վաճառուին Նազարեանցի գիրքերը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES