Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Գերմանիա – Հայաստան

Այսօր` ուրբաթ, 6 յունիսին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Գերմանիոյ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ Մայնցի մէջ գտնուող «Քոֆաս Արենա» մարզադաշտին մէջ իր կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր տարած աշխատանքներուն մասին:
Ան ըսաւ, որ Արազ Օզպիլիսի, Արտակ Եդիգարեանի եւ Կարլեն Մկրտչեանի բացակայութիւնը կրնայ որոշ չափով մը իր վատ անդրադարձը ունենալ խումբին վրայ:
Սակայն, աւելցուց ան, «մեր ամէն կարելին պիտի ընենք, որպէսզի լաւ արդիւնք ձեռք ձգենք այս մրցումին` կիրարկելով յարձակողական խաղաոճ մը»:
Անոր կարծիքով, նոյնիսկ եթէ մրցակիցը Գերմանիան է, ինք իր կազմը դաշտ պիտի ներկայացնէ իբրեւ սովորական մրցում մը, որովհետեւ ըստ Շալանտի, մրցակիցին անունը երբեք կարեւոր չի նկատուիր:

