Հայկական Կատակերգութիւն
Ուրեմն Եւան յղի եղած է… վաղը բացատրեմ պզտիկներուս: Յաճախ կը հարցնեն` արդեօք ճի՞շդ է, այդպէ՞ս սկսած է աշխարհը, մարդկութիւնը…
Բարեկամուհիս է…
Ճի՛շդ ես, սիրելի Յակոբ, ամէն մարդ իր ձեւով կ՛ընկալէ կատակերգութիւնդ:
Երանի կու տամ բարեկամուհիիս պարզութեան:
Բոլորի՛ն, յատկապէս հայուն կատակերգութիւններ հրամցուած` պարզ ու յստակ, եւ ճարտարօրէն Յակոբ Տէր Ղուկասեանի «խենթ» միջոցներով:
Ամուր եւ հաստատ քայլերով յառաջացող այս բեմադրիչին իւրայատկութիւնը միշտ կը մնայ հո՛ն, որ ա՛ն հանդիսատեսին առիթ կու տայ իր մեկնաբանութիւնը իր թարգմանութիւնը տալու թատրերկին:
Թերեւս բոլոր բեմադրիչներուն ալ պարտականութիւնը այդ է` բեմին վրայ ներկայացնել կեանքէն պատկեր մը, մնացեալը ձգել հանդիսատեսին: Սակայն Յակոբ Տէր Ղուկասեան` հանդիսատեսին ձեռքէն բռնած` կ՛առաջնորդէ զայն դէպի ազատ կարծիք, անկախ մեկնաբանութիւն:
Է՜հ, ո՞ւր մնաց ազատութիւնը` պիտի ըսէք…
Յակոբոսի խո՞ւմբը:
Փորձառու Արարիչն ու հրեշտակը, սատանային փորձութեան չդիմացող հսկա՜յ բայց ինքն իր լարած թակարդին մէջ ինկող «որսորդ» հրեշտակը:
Պատկերները շատ էին:
Ադամն ու սատանան:
Եւա՞ն, թէ՞ Եւա՛ն:
Յակոբոսը եւ Հրայրը:
Բոլորն ալ լաւ էին:
Ի վերջոյ, ուրբաթ, 23 մայիսէն մինչեւ կիրակի, 1 յունիս Տանթէի դժոխքը չէր, որ կը ներկայացուէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմէն, այլ Յակոբոսի եւ իր խումբին նորարար կատակերգութիւնը:
Հայո՛ւնը:
Ապրի՛ք:
ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

