«Ռուսիա Պէտք Է Կողմնորոշուի Հարաւային Կովկասի Մէջ Ռազմավարական Գործընկերոջ Հարցով» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

«Ռուսիա պէտք է կողմնորոշուի հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական գործընկերոջ հարցով» News.am-ի թղթակիցին յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր Լուքաշեւիչի յայտարարութիւնը:

«Վերջին եւ նախկին յայտարարութիւնը կ՛անհանգստացնեն Երեւանը, որովհետեւ պէտք է տրամաբանութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ նոյն ձեւով մօտեցման մէջ», ընդգծեց Մանոյեան` աւելցնելով, որ Երեւան Մոսկուային հետ հարցը քննարկումի պէտք է դնէ: Մանոյեան ընդգծեց, որ 2008-ին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Պաքու այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ բարեկամութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին հռչակագիր:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերն է: Միեւնոյն ժամանակ պաշտօնական անձեր բազմաթիւ անգամներ նշած են Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթին մասին:

Share this Article
CATEGORIES