Մուսլերա. «36 Տարեկան Պիւֆոն Կը Խաղայ 24 Տարեկանի Նման»
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ֆեռնանտօ Մուսլերա, անդրադառնալով Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի, ըսաւ, որ ինք իսկապէս կը հիանայ անոր վրայ:
«Թէեւ ան 36 տարեկան է, բայց կը խաղայ 24 տարեկանի նման: Սքանչելի բերդապահ մը ըլլալէ բացի ան հիանալի անձնաւորութիւն մըն է: Ազգային խումբիս հետ կ՛ուզեմ խաղալ այնքան երկար, ինչպէս որ ան կը խաղայ», կը յայտնէ ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը` մէջբերելով անոր խօսքերը:
Նշենք, որ ասիկա Պիւֆոնի 5-րդ Մոնտիալն է:
CATEGORIES Մարզական

