Ժերար. «Ուրախ Եմ, Որ Ողջ Մնացի»

0806gerardՖութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Անգլիա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հոնտիւրասի հետ:

Անգլիոյ խմբապետ Սթիւըն Ժերար մրցումէն ետք նշեց, որ մրցակիցը կոպիտ ֆութպոլ կը խաղար, եւ բարեբախտաբար իր խմբակիցները լուրջ վնասուածքներ չստացան:

«Կը կարծեմ, որ իրաւարարութիւնը պատշաճ մակարդակի վրայ չէր: Մրցակիցը առանց պատճառի կը հարուածէր մեր ոտքերուն: Անձամբ ես ուրախ եմ, որ ողջ մնացի, հակառակ անոր որ չկրցանք յաղթել: Եզրափակելով ըսեմ, որ ամէն ինչ իր կարգին է, եւ մենք շաբաթ մը ունինք ամբողջովին պատրաստ ըլլալու»:

Նշենք, որ օրուան իրաւարարը 7 անգամ գործածեց իր դեղին քարտը, իսկ մէկ անգամ ալ` իր կարմիր քարտը, Հոնտիւրասի մարզիկներէն Պրայըն Պեքելեսի դէմ (65-րդ):

Share this Article
CATEGORIES