Ըստ «Տը Կարտիընի», Իրան Եւ Ասատ Յաղթած Են

The-Guardian_asad-voteԲրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթի օգնական խմբագիր Սայմըն Թիստալ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Տը Կարտիըն»-ի յայտնած են, որ Իրանն ու անոր սերտ դաշնակից Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած են, եւ ընդդիմութեան սուրիական վարչակարգը տապալելու փորձին աջակցող ամերիկեան ղեկավարութեան արշաւը ձախողած է:

Թեհրանի մէջ հարցազրոյցներու շարքի մը ընթացքին բարձրաստիճան դէմքեր, որոնք Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ղեկավարեն, յայտնած են, որ Սուրիոյ մէջ Արեւմուտքի ռազմավարութիւնը պարզապէս արմատական իսլամական խմբաւորումները քաջալերած,  քաոս ստեղծած եւ ի վերջոյ Արեւմուտքին վնաս պատճառած, իսկ պետական ուժերը այժմ ամուր դիրքերու վրայ են:

Իրանի խորհրդարանին մէջ ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ կառավարական ազդեցիկ դէմք Ալլատին Պորուժերտի յայտնած է. «Մենք Սուրիոյ մէջ յաղթած ենք: Վարչակարգը պիտի մնայ: Ամերիկացիները պարտուեցան»:

Պորուժերտի ըսած է, որ Քայիտայի առնչակից եւ արաբական երկիրներու կողմէ ֆինանսաւորուող ժիհատական խմբակներու եւ զինեալներու կողմէ գործադրուած ահաբեկչութիւնը սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւած գլխաւոր սպառնալիքն է: Բազմաթիւ օտար զինեալներ, որոնք Բրիտանիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ Սուրիա մեկնեցան, մօտ օրէն իրենց երկիրները կրնան վերադառնալ: «Մենք Եւրոպայի ապագայ ապահովութեան նկատմամբ մտահոգ ենք», ըսած է ան:

Պետական խորհրդատու Ամիր Մոհեպիան յայտնած է. «Սուրիոյ խաղին մէջ շատ դիւրին յաղթեցինք: Միացեալ Նահանգներ Սուրիան չեն հասկնար: Ամերիկացիները ուզեցին Ասատը փոխել այլ անձով մը, սակայն անոնց այլընտրանքը ի՞նչ էր: Անոնք պարզապէս արմատական խմբաւորումները քաջալերեցին եւ սահմանները նուազ ապահով դարձուցին: Մենք կ՛ընդունինք, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է տեղի ունենայ փոփոխութիւն, սակայն, աստիճանաբար, այլապէս քաոս կը ստեղծուի»:

Արեւմուտքցի վերլուծաբաններ կը յայտնեն, որ Իրան Ծոցի սիւննի արաբական երկիրներուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ հետ ամբողջ տարածաշրջանը ընդգրկող եւ Սուրիոյ սահմանները շրջանցող իշխանութեան պայքարի կամ անուղղակի պատերազմի մէջ է: Ուստի Թեհրանի շահերէն կը բխի յաղթանակը յայտարարել Սուրիոյ ալեւիական վարչակարգին, որ մեծամասնութեամբ սիւննիներէ բաղկացած ըմբոստներու դէմ կը կռուի: Իրանցի պաշտօնատարներ եւ շրջանի հարցերուն մասնագէտներ կը հերքեն այդ մէկը:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաժիտ Թախթ-ռաւանճի յայտնած է, որ առաջնահերթութիւնը ընդունիլն է, որ ըմբոստութիւնը ձախողած է եւ յառաջիկայ ամիս նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Սուրիոյ կայունութիւնը վերականգնելն է:

Հակառակ Դամասկոսի մէջ եւ Հըզպալլայի մօտ իր ունեցած ազդեցութեան` Իրան Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններէն հեռու պահուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ այն առարկութեան պատճառով, որ Թեհրան Ասատի հրաժարականին կարիքը չ՛ընդունիր: Սակայն ընդդիմադիր զինեալներու յեղափոխութեան մայրաքաղաքը կոչուած Հոմս քաղաքէն անցեալ շաբթուան նահանջէն ետք կարգ մը արեւմուտքցի քաղաքագէտներ ու մեկնաբաններ եւս այն եզրակացութեան հասան, որ Ասատ յաղթած է:

Թեհրանի համալսարանի դասախօս Մոհամետ Մարանտի յայտնած է, որ իր կարծիքով, ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ մեծ սխալ մը գործած են, եւ` «կը կարծեմ, որ այդ մէկը գիտեն, թէեւ երբեք պիտի չընդունին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES