Նշում Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամի` Ցեղասպանութենէն Մազապուրծ Եղած Հայերու Փրկութեան Ուղղուած Գործունէութեան 100-Ամեակին
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան մասնաճիւղը Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի ժառանգորդի` Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի հետ գործակցութեամբ պիտի նշէ վերջինիս` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած աւելի քան մէկ միլիոն հայերու փրկութեան ուղղուած գործունէութեան 100-ամեակը:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները եւ «Շնորհակալ ենք Ամերիկա. յարգանքի տուրք Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէին» նախաձեռնութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի նախագահ Շանթ Մարտիրոսեանին հետ` փոխադարձ ջանքերը քննարկելու եւ համագործակցութեան մարզերը պարզելու նպատակով:
Մարտիրոսեան բարձր գնահատած է յիշեալ քայլին նախաձեռնած հայկական կազմակերպութեան ջանքերը` Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի` Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած անթիւ որբերու փրկութեան հարցին մէջ դերակատարութիւնը ընդգծելու ուղղութեամբ:

