Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ուղղուի իր մասնակցութիւնը բերելու` աշխատավարձի յաւելումներուն այսօրուան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը փափաքի բոլորին հետ հաշտութիւն կնքել` ճշմարտութեան եւ հաշտութեան յանձնախումբ մը ստեղծելու ընդմէջէն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախարարները հաստատած են Լիբանանի սահմանադրութեան գործադրութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին վարչապետ Թամմամ Սալամի իրաւասութիւններուն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւններէն գոհ չէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա հարց ունի հզօր նախագահի չափանիշին առումով:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ կապերը ջերմ չեն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը Հըզպալլայէն պահանջած է իրեն յանձնել կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարին` սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած վերջին ճառին բնագիրը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէն, նշեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ քրիստոնեայ նախարարներուն միջեւ ճեղք մը կայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներուն համաձայն, մարոնի համայնքին նկատմամբ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ցուցաբերած մտերմութիւնը քաղաքական շահերու վրայ չէ հիմնուած:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկրին տնտեսական աճին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ ինք մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Թրիփոլիի բարգաւաճման նպաստող ծրագիրներուն` հեռու քաղաքական որեւէ նկատառումէ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ պատասխանատու մը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը փորձէ փաստել, թէ ինք ամէնէն աւելի ազդեցութիւն ունի Լիբանանի կացութեան վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը արդիւնաբեր դուրս եկած է եւ փոխադարձ լարուածութիւնը կասեցուցած:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ընտրանքներու հարց մըն է, որուն վաւերացումին առումով պէտք է որոշում տրուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ` աւելցնելով, որ ընտրական որեւէ հոլովոյթի պարագային համախոհութեան նախապայմանը անիմաստ է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կը սպառնայ երկրին ապահովական կայունութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES