2014-ի Մոնտիալ. Այսօր` Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը. Ապա` Պրազիլ – Խրուաթիա Բացման Մրցումը
Այսօր` հինգշաբթի, 12 յունիս 2014-ին, տեղի կ՛ունենայ 2014-ի Մոնտիալի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան բացման հանդիսութիւնը` Արենա տը Սան Փաուլոյի դաշտին վրայ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին:
Այս բացման հանդիսաւոր արարողութեան պիտի յաջորդէ Պրազիլ – Խրուաթիա (Ա. խմբակ) բացման մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին` բնականաբար դարձեալ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ողիմպիական խաղերուն նման կ՛ակնկալուի, որ տեղի ունենայ հրաշալի բացում մը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ ծրագրած է ներկայացնել գերսքանչելի յայտագիր մը:
Այսօր եւ յաջորդող երեսուն օրերուն ընթացքին ֆութպոլի սիրահարները պիտի ըմբոշխնեն 32 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն ցուցադրելիք մրցումներն ու ներկայացումները` անոնց հետ ապրելով անմոռանալի պահեր:
Մոնտիալը նաեւ առիթ մըն է բոլոր այն մարզիկներուն համար, որոնք իրենց ցուցադրած ներկայացումներուն շնորհիւ բախտը կ՛ունենան այլ կազմերու փոխանցուելու` ատոր հետ բնականաբար իրենց գինն ալ բարձրացնելով:

