2014-ի Մոնտիալին Ազդանշանը Տրուեցաւ Պաշտօնական Հանդիսութենէն Ետք. Պրազիլ Յաղթեց Խրուաթիոյ (3-1). Ճափոնցի Իրաւարարը` Սխալեցաւ

10443242_666295300107016_7221440421106265475_oՊրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ երէկ գիշեր սկսաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2014-ի Մոնտիալը, որ մինչեւ 13 յուլիս պիտի զբաղեցնէ ֆութպոլասէր հասարակութիւնը` անոնց տալով երբեմն ուրախ եւ երբեմն ալ ոչ այդքան հաճելի պահեր:

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան, որ եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ ճոխ, յաջորդեց բացման առաջին մրցումը, երբ Ա. խմբակին մէջ իրարու դէմ ճակատեցան հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ եւ Խրուաթիա:

Թէեւ Պրազիլ 3-1 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, սակայն օրուան կեդրոնի ճափոնցի իրաւարարը` Եուիշի Նիշիմուրա սխալեցաւ, Պրազիլի նշանակած երկրորդ կոլին մէջ իր օգտակարութիւնը ունենալով ի նպաստ Պրազիլի, երբ սուլեց անարդար փենալթի մը:

– Բացման Պաշտօնական Արարողութեամբ Պրազիլի
Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը

– Պրազիլ 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Խրութիոյ`
Իր Երկրորդ Կոլը Նշանակելով Իրաւարարին Օգնութեամբ

1206performers1Երէկ գիշերուան ժամը 22:00-ին, աշխարհի մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկը նկատուող Մոնտիալի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պրազիլի մեծագոյն քաղաքին` Սան Փաուլոյի մէջ:

1206singingԲացման երգով ելոյթ ունեցաւ Ճենիֆըր Լոփեզ, որ իր կողքին ունենալով Փիթպուլը եւ պրազիլցի ժողովրդային աստղ Քլաուտիա Լէյթէն, երգեց «Ուի Ար ուան» (Օլա-օլա) երգը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ փոքրերով, որոնք ցատկեցին թրամփոլինի վրայ, եւ մարդիկ շրջագայեցան դաշտին կեդրոնը` հագած ծառերու կերպարներ:

Անոնց յաջորդեցին պարողներ, որոնք ներկայացուցին տարբեր տեսակի պարեր: Սակայն, նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը` հիւրընկալ երկրին` Պրազիլի եւ Խրուաթիոյ միջեւ, դաշտէն դուրս արձանագրուեցան խուլիկանութեան դէպքեր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ: Բռնարարքներուն պատճառով նուազագոյնը հինգ անձեր վիրաւորուեցան:

Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազեր արձակեց շուրջ 300 ցուցարարներու վրայ, որոնք կը բողոքէին 2014-ի Մոնտիալին համար միլիոնաւոր տոլարներու մսխումի երեւոյթին դէմ:

Ըստ ականատեսներու, ամերիկեան «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին մէկ աշխատողը եղած է վիրաւորներուն շարքին:

Բայց եւ այնպէս, խուլիկանութեան այդ դէպքերը որեւէ ձեւով արգելք չհանդիսացան, որ պրազիլցի համակիրները ուղղուին դաշտ: Ընդհակառակն` անոնք խիտ շարքերով ուղղուեցան դաշտ` ապահովելու համար իրենց տեղերը:

Ինչ կը վերաբերի Պրազիլ – Խրուաթիա բացման մրցումին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 61 հազար հանդիսատեսներ, հիւրընկալ երկիրը 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ ապահովեց իր առաջին երեք կէտը եւ առաջին յաղթանակը:

1206brazilՄրցումին 11-րդ վայրկեանին, Խրուաթիա 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ գնդակը սխալմամբ զետեղեց իր բերդին մէջ: Սակայն 29-րդ վայրկեանին Նէյմար եկաւ կացութիւնը փրկելու, երբ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:

71-րդ վայրկեանին սակայն, օրուան ճափոնցի իրաւարարը` Եուիշի Նիշիմուրա գործեց սխալ մը, երբ Պրազիլի ի նպաստ սուլեց կասկածելի, անարդար եւ անտեղի փենալթի մը, որ կոլի վերածուեցաւ նոյնինքն Նէյմարի կողմէ, որ այսպիսով բացման մրցումին նշանակեց իր երկրորդ կոլը:

1206neymarՄրցումին 90-րդ եւ վերջին վայրկեանին, Օսքար նշանակեց Պրազիլի երրորդ եւ մրցումին վերջին կոլը:

Այս մրցումին կատարուեցաւ հետաքրքրական դէպք մը: Երբ ազատ հարուած մը եղաւ, օրուան իրաւարարը յետսապահներուն պատին ճիշդ առջեւը սփրէյով գիծ մը քաշեց, որպէսզի անոնք իրենց ճշդուած տեղէն չյառաջանան գնդակին ուղղութեամբ:

Նշենք, որ պրազիլցիք գնդակին տիրապետեցին 61 տոկոսով, մինչ Խրուաթիա` 39 տոկոսով:

Պրազիլ ձեռք ձգեց 7 քորնըր, մինչ Խրուաթիա` 3, Խրուաթիա կատարեց 22 ֆաուլ, մինչ Պրազիլ` 7: Երկու կազմերն ալ ստացան երկուքական դեղին քարտ:

Նշենք, որ Պրազիլի մարզիչն է Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի, իսկ Խրուաթիոյ մարզիչը` Նիքօ Քովաք: Մրցումին տեւողութեան ընթացքին Պրազիլ կատարեց առաւելագոյն 3 փոփոխութիւնները, մինչ Խրուաթիա բաւականացաւ 2 փոփոխութեամբ:

Այսօրուան Մրցումները

Այսօր` ուրբաթ, 13 յունիսի յայտագիրին վրայ են երկու մրցումներ:

Պրազիլի` Ա. խմբակին մաս կազմող երկու այլ կազմեր` Մեքսիքա եւ Քամերուն, իրարու դէմ պիտի ճակատին երեկոյեան ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Այդ մրցումին պիտի յաջորդէ Սպանիա – Հոլանտա բաւական տաք եւ հետաքրքրական ճակատումը (Բ. խմբակ), որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 22:00-ին, դարձեալ Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ժամը 1:00-ին, Բ. խմբակին մաս կազմող Չիլի եւ Աւստրալիա պիտի մրցին իրարու դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES