Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը
Երէկ երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-րդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, որոնք առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին, երէկ եւս կրկնելով յաղթանակը 2-0 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցը:
Մրցումը աւարտեցաւ 67-59 արդիւնքով` հետեւեալ ձեւով. 10-10, 29-26, 39-48 եւ 59-67:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սանտրա Նաժըմ` 26 կէտ: Անոր խմբակից Այտա Պախոս նշանակեց 15 կէտ եւ 20 ռիպաունտ, մինչ Անդրանիկէն Նարինէ Կէօքճեան` 16 կէտ եւ 8 ռիպաունտ: ՀՄԸՄ-է 8-ական կէտ նշանակեցին Էմմա Էսքիճեան եւ Ալիք Թապաքեան, իսկ Նաթալի Սվաճեան` 4 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

