Պըրրի Կը Զգուշացնէ Իրաքի Իրադարձութիւններէն
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Քննարկուեցան ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու միջոցները:
Քանաան կոչ ուղղեց հիմնուելու ելեւմուտքի նախարարութեան թիւերուն վրայ եւ վերջ տալու աշխատավարձերու յաւելումներուն մասին տարակարծութիւններուն:
Քանաան յայտնեց, որ ինք պիտի առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ պիտի ներկայացուի այդ թղթածրարին լուծման նպատակով իր պատկերացումը` աւելցնելով, որ հարցը ընտրանքներու հարց է եւ ոչ թէ թիւերու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ հայր Անթուան Խալիֆէ, որ գործուղուած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի զգուշացուց Իրաքի իրադարձութիւններէն եւ անոնց վտանգներէն: Ան յոյս յայտնեց, որ Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը լիբանանցիներուն համար ըլլայ շարժառիթ մը, որպէսզի արտաքին փոթորիկներուն դիմաց ներքին լիբանանեան համախոհութիւն գոյանայ եւ երկրին անձեռնմխելիութիւնը ապահովուի:
Խորհրդարանի նախագահը վերստին քննադատեց նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ընթացքին խորհրդարանին աշխատանքները խոչընդոտող կողմերը:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց նաեւ խորհրդարանը կազմող երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն մասնակցելու հինգշաբթի, 19 յունիսին գումարուելիք խորհրդարանի նիստին եւ վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

