Արսալի Մէջ . Բանակը Կատարեց Ձերբակալութիւններ Եւ Գրաւեց Զէնքեր

Բանակի ջոկատ մը Արսալի մէջ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ Արսալի Ուատի Հըմայտ շրջանին մէջ կատարած է ներխուժումներ ու խուզարկումներ եւ սուրիական գաղթակայաններուն մէջ ձերբակալած հինգ սուրիացի քաղաքացիներ, որոնք ահաբեկչական արարքներու մեղսակցութեամբ կասկածելիներ են: Անոնցմէ են Զահեր Ապտել Ազիզ Ահմետ, որ Ապտալլա Ազզամի փաղանգներու անդամ է, Նուր Մուհիէտտին Շամսէտտին, Հայսամ Նատեր Ղաննում, Ատել Սլէյման Ղաննում եւ Մոհամետ Նազիհ Ղաննում, որոնց մօտ գտնուած են քամերաներ, համակարգիչներ եւ խտասալիկներ, որոնք կը փաստեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անոնց անդամակցութիւնը:
Բանակը գրաւած է նաեւ զէնքեր ու զինամթերք, իսկ ձերբակալեալները յանձնած է համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

