Իսրայէլ Այսրյորդանանի Մէջ 80 Պաղեստինցիներ Ձերբակալեց

1506West-BankԻսրայէլեան բանակը Այսրյորդանանի մէջ 16-ամեայ իսրայէլացի երեք բնակեցուածներու անյայտացումէն ետք Այսրյորդանանի մէջ ձերբակալեց 80 պաղեստինցիներ, որոնց մեծամասնութիւնը Համասի եւ Ժիհատ Իսլամիի անդամներ են, ներառեալ` շէյխ Հասան Եուսեֆը, երեսփոխաններ Ապտելռահման Զէյտան, Խալետ Արֆա, Հասան Պուրի, ինչպէս նաեւ մզկիթներու շէյխեր ու իմամներ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն Կազայի դէմ «ապահովական ամբողջական պաշարում» յայտարարեց, որուն հիմամբ իսրայէլեան բանակը Կազան պաշարեց հրասայլերով եւ զրահապատ մեքենաներով: Իսրայէլեան բանակը գործողութիւնը կոչեց «եղբայրներուն վերադարձը»` ակնարկելով առեւանգեալներուն վերադարձին:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը շաբաթ գիշեր արտակարգ ժողով մը գումարելով Պաղեստինեան իշխանութիւնը պատասխանատու նկատեց առեւանգումին: Նեթանիահու յայտարարեց. «Երկու օր առաջ առեւանգուած երեք բնակեցուածները ահաբեկչական կազմակերպութեան մը կողմէ առեւանգուեցան»` աւելցնելով, որ իրենք ջանք կը թափեն առեւանգեալներու Կազա փոխադրումը կանխարգիլելու համար:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր կարգին յայտարարեց, որ «պաղեստինցիներուն հետ գերիներու փոխանակման նոր համաձայնութիւն մը պիտի չգոյացնենք»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող պաղեստինցիները ո՛չ իբրեւ բարի կամեցողական քայլ, ո՛չ ալ այլ ձեւով ազատ պիտի արձակուին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց. «Առեւանգումի գործողութեան Համասի մեղսակցութիւնը ցոյց տուող շարք մը ցուցանիշեր գոյութիւն ունին»:

«Ռոթըրնեթ» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը «Պողպատեայ գմբէթ» համակարգին պատկանող հակահրթիռային համակարգեր տեղակայեց Պիր Սապըհի մէջ:

«Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը նշեց, որ առեւանգման գործողութիւնը լաւապէս ծրագրուած էր, եւ հաւանական նկատեց, որ առեւանգեալները տակաւին Գալիլիոյ մէջ կը գտնուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES