Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ վարժուին պատգամի երկիր Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր տեսնելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պատասխանատու պիտի ըլլայ  հանրապետութեան երկու միւֆթի ունենալու դրութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակը այս պարագային անհրաժեշտ կը գտնէ սուրիական բանակին հետ համադրումն ու համագործակցութիւնը` Արսալի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ զինեալները պարտութեան մատնելու նպատակով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն պիտի առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան աշխատանքներուն թափ տալու նպատակով:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Իրաքի զարգացումները կրնան լիբանանցիները մղել հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները նման են Իրաքի մէջ տիրող պայմաններուն` մնայուն կերպով գրգռութիւն հրահրելու մթնոլորտին պատճառով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ, սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ ամէնուրեք տիրող հաւատադրժողականութեան վտանգը նուազագոյն փոխըմբռնումն ու համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ կարելի չէ նախագահական աթոռին թափուր մնալը միայն միջքրիստոնէական անհամաձայնութեան վերագրել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը տակաւին կառչած կը մնան այնպիսի թեկնածուի մը, որ մեր կողմէ մերժուած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը կը սպառնայ երկրին հաստատութիւններուն, Լիբանանի շահերուն եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ եռեակ դրութիւնը մերժելու մասին յայտարարութիւնները իրականութեան հետ կը հակադրուին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլին ապահով վայր մը դարձած է, հակառակ Լիբանանը շրջապատող բոլոր զարգացումներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի մաղթեց, որ այս շաբթուան ընթացքին վերջնականանայ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դարձեալ մերժեց դրամական արկածախնդրութեան Լիբանանի միջամուխ դառնալը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է լրջօրէն քննարկել աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը եւ ապա կողմնորոշուիլ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յոյս յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն շարքերէն ընտրուի հանրապետութեան նախագահը` մտահոգութիւն յայտնելով, որ Իրաքի մէջ արձանագրուած դէպքերը նաեւ Լիբանան հասնին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը նախագահական ընտրութեան հարցը չի կրնար լուծել` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւններուն առումով գնդակը մարոնի համայնքին մօտ չի գտնուիր:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Տոհա կատարուած այցելութիւնը յաջող էր կարգ մը առեւանգեալներու փոխանակման առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը զինող եւ ֆինանսաւորող երկիրներն են, որոնք Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններ գործած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ նախագահական թեկնածուն պէտք է լիբանանցիներուն բացատրէ, թէ ի՛նչ են իր հեռանկարներն ու նպատակները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն ընդգծեց, որ շրջանային եւ միջազգային առումով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի յարանուանութեան ոգին հեռացնելու Լիբանանէն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ լիբանանցիները համոզուած են, որ քաղաքական ընկերութիւնը հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու կարողութիւնն իսկ չունի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն եւ զանոնք համայնքային խաղերէ հեռու պահելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին քաղաքական որոշումին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշած է նախագահական ընտրութեան ոչ մէկ թեկնածու վեթոյի ենթարկել:

 

Share this Article
CATEGORIES