Մոռնինկսթար. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Պիտի Հանդիպին Փարիզի Մէջ»

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ունենան:
Դեսպանը նշած է, որ այդ հանդիպումին ժամկէտը տակաւին չի նշուիր:
«Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները իրենց փարիզեան հանդիպումին ընթացքին շօշափելի համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ», ըսած է դեսպանը:
CATEGORIES Հայկական

