Խորհրդարանը Այսօր Կը Քննարկէ Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին Աղմկայարոյց Օրէնքի Վերամշակուած Տարբերակը

1706parliament_ardzvigՀայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այսօր սկսող Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած պիտի ըլլայ «Կուտակայինի կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի լրամշակուած տարբերակը:

Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը կառավարութեան հեղինակած բարեփոխումներու ծրարը հակասահմանադրական կ՛որակեն:

Օրէնքի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը յառաջացաւ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, որով շարք մը կէտեր, ինչպէս նախկին օրէնքի հիմնաքարը հանդիսացող պարտադիր բաղադրիչը, հակասահմանադրական ճանչցուեցան:

Կառավարութեան նոր մշակումներով` պարտադիր վճարները պիտի փոխարինուին ընկերային վճարով: Կառավարութիւնը մտադիր է այս փոփոխութիւնը ընդունիլ մինչեւ 1 յուլիս, որովհետեւ ընդդիմադիրներու ձեռքի տակ յայտնուած մշակումներուն մէջ պետական հիմնարկներու աշխատակիցներուն համար այդ օրէն իսկ ընկերային վճարը պարտադիր կը դառնայ:

Սեփական հիմնարկներուն մէջ աշխատողներուն համար կառավարութիւնը յետաձգած է ընկերային վճարի մուծումը մինչեւ 1 յունուար 2017:

Ըստ կառավարութեան նախնական մտադրութեան, պետական հատուածը արդէն քանի մը օրէն պիտի դառնայ նոր մշակման անմիջական մասնակիցը:

«Փաստօրէն եկամուտներու նուազեցում պիտի չըլլայ: 38 միլիառ նախատեսուած է աշխատավարձերու բարձրացման համար: Այդտեղէն ընկերային վճարներու ձեւով իբրեւ հարկ պէտք է մուծումներ կատարուին: Յատուկ մարզի համար  տրուած է կարելիութիւն, որ ան կատարէ իր ընտրութիւնը երեք տարուան ընթացքին: Եթէ անոնք կը ցանկան այդ ընթացքին մասնակցիլ, կրնան մասնակցիլ», ըսաւ Բաղդասարեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ իրենք դէմ են այս ծրագիրին, որովհետեւ այս ծրագիրը ոչ միայն արդէն վերահաստատուած հակասահմանադրական չափանիշի կրկնութիւնն է, այլ նաեւ չի լուծեր կենսաթոշակային համակարգին առջեւ դրուած խնդիրը:

Քառեակի քննադատութիւնը այս հարցին մէջ միանշանակ չէ: Բարգաւաճ Հայաստանը տակաւին չէ միացած անոր եւ պիտի գումարէ նիստ:

 

Share this Article
CATEGORIES