Ֆութպոլային Աղմկարարութիւն Եւ… Խաղաղութիւն
Ձեր ծանօթ գրասէր բարեկամը` Կեդրոնականցի Արմենակ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, Զարեհ Խրախունիէն զոյգ բանաստեղծութիւններու պատճէնահանուած էջերը բերաւ:
Սեղանիս վրայ դրաւ եւ գնաց:
Կը դիտէի Լիբանանի գունազարդումը դրօշակներով, ոչ թէ այս կամ այն երկրին հանդէպ սէր սնուցանելու համար, այլ կողմնապաշտութեամբ, այդ երկրի «ոտնագնդակ»-ի խումբին համար, խումբ, զոր մարդիկ տեսած են… հեռատեսիլէն կամ անոնց մասին հազուադէպօրէն կարդացած են թերթի մը սիւնակներէն: Դրօշակային զբօսաշրջութիւն:
Բարեկամի մը վաճառատան մէջ բազմերանգ դրօշակներ կային, երկար ձողով, կարճ ձողով, կը կենային, կ’ընտրէին, կտաւը կը քնէին: Ի վերջոյ կը վճարէին… չնչին գումար մը, 500 լիբանանեան թղթադրամ, երկրի մը մէջ, ուր նուազագոյն մանրադրամը 250 է: Կը մեկնէին գոհունակութեամբ, իրենց ախոյեանը ընտրած ըլլալով:
Ոտնագնդակ
| Քիչ բան | |
| Քիչ բան այնքան | |
| Կը մօտեցնէ կը միացնէ կը միաձուլէ մեզ իրարու | |
| Որքան գնդակը որ կը վազէ ոտքէ ոտք | |
| Կամ ոտքերը տասնըմէկ զոյգ | |
| Որ կը վազեն այդ գնդակին ետեւէն. | |
| Հիմա | |
| Հիմա-իբրեւ վերջին յոյս | |
| Կը սպասենք որ շատ զօրաւոր խումբ մը գայ | |
| անջրպետի յառաջացեալ մէկ կէտէն | |
| Որպէսզի մեր այս աշխարհը բազմաբաժանԸլլայ մէկ սիրտ մէկ հոգի | |
| պոռայ կանչէ մէկ բերնէ | |
| շարժի գործէ միակամ | |
| Ու կարկտան կապոց դարձած երկրագունդն այս ձեւազեղծ | |
| Վերածուի | |
| Մեծ ու պզտիկ | |
| Հնգանկիւններով վեցանկիւններով կազմուած | |
| Հսկայական գնդակի մը գունագեղ…: | |
(Զարեհ Խրախունի, 14.6.1987)
Բանաստեղծին համար ՈՏՆԱԳՆԴԱԿ-ը «կը միացնէ, կը միաձուլէ մեզ իրարու»… Ի՜նչ պարզամտութիւն: Ձեւականութիւն, մակերեսայնութիւն, դատարկի համար խանդավառութիւն… միլիառներու ծախս` ոչինչ արտադրելու համար, ո՛չ սոխ, ո՛չ տետրակ, ո՛չ իսկ այդ գումարներով ծածկ մը` աներդիք մնացողներու գլխուն վրայ: Մարզանքը, մարզական խաղերը, ազնիւ մրցակցութեան եւ առողջ մարմին ունենալու միտում ունեցած են (սկզբունքային): Այսօր մարզական խաղերը «պիզնես» են, մարզիկներ «կը գնուին» եւ «կը ծախուին», ոչ ոք կը գայթակղի, ոչ իսկ` մարզիկները իրենք, մարդը կը դառնայ ամբոխները զուարճացնող առարկայ, մարդը` ծախու ապրանք:(Զարեհ Խրախունի, 14.6.1987)
Բանաստեղծը սուր զգացողութեամբ գծած է պատկերը: Կապկելու եւ ամբոխային վերաբերումներու հետ քայլ պահելու, խանդավառութիւններ կ’որսանք աղմկարարութեամբ:
Կոլ
| Ամբողջ խաղի ընթացքին | |
| Ինկաւ ելաւ ցատկեց փռուեցաւ | |
| Առաւ տուաւ բռնեց փախցուց նետուեցաւ | |
| Մերթ ոտքերու տակ սողաց | |
| մերթ օդերուն մէջ թռաւ | |
| Տասներկու հատ կոլ կերաւ… | |
| Պատճառն ի՞նք – միայն ի՞նք էր | |
| Խաղակիցներն յանցանք բնաւ չունէի՞ն… | |
| Խաղավերջին | |
| – Այդպէս չ’ըլլար, այսպէս կ’ըլլայ այս – ըսաւ | |
| Եւ իր բերդին վերջին կոլ մ’ալ ինք նետեց. | |
| Փետրուարի տասներեք | |
| Տարեդարձն էր ծննդեան. | |
| Մարզադաշտէն պատգարակով հանեցին: | |
20.71.956
Եթէ նպատակ էր «առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» ազնիւ գաղափարը, ապա ինչո՞ւ կը սրսկեն «զօրացնող» դեղեր, ինչպէս կ’ըսեն` տոփինկի կը դիմեն, եւ ինչո՞ւ մարզադաշտին վրայ կը փռուին դիակներ կամ «աստղեր»-ը կը դատապարտուին կանխահաս ծերութեան: Բանաստեղծը կ’ըսէ` «մարզադաշտէն պատգարակով հանեցին»…
Իսկ գիշերը, մարզադաշտէն հազարաւոր մղոններ հեռու` մարզասիրութիւնը կը դառնայ ճչակներու, պայթուցիկներու եւ հրավառութիւններու աղմուկ` խանգարելով քաղաքացիի հանգիստի իրաւունքը, նախայարձակում մը, որուն դէմ ոչ ոք կը բողոքէ, բողոքող ալ եթէ ըլլայ անգամ, լսող չ’ըլլար…
Հեռատեսիլի պաստառին վրայ հերոսը «ինկաւ ելաւ ցատկեց փռուեցաւ, առաւ տուաւ բռնեց փախցուց նետուեցաւ», տօթին տակ հեւացող քաղաքին մէջ առաւօտ կանուխ արթննալու ստիպուած բանուորը արթուն մնաց… եւ ինք իրմէ դուրս բանտարկուած աղմկող ամբոխը զուարճացաւ…
Ինչպէս կը զուարճանային Հռոմի մեծ կրկէսին` Քոլիզէի հանդիսատես ընչազուրկները, դիտելով զիրար սպաննելու կոչուած ստրուկ մարտիկները, կլետէաթէօրները:
Հռոմի կայսրը կամ մեծերը այդ «խաղերը» կը հրամցնէին ամբոխին` իրենց իշխանութիւնը ամրապնդելու համար: Հիմա այս «խաղերու» լծակներուն տիրողները «կ’առնեն-կը ծախեն», ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն` «փող կ’աշխատին»:
«Փող աշխատողներ»-ուն եւ հայաբնակ թաղերու աղմկարարներուն կը հարցնե՞նք, թէ ո՞վ է այդ Զարեհ Խրախունին… Ինչո՞ւ անհանգստացնել անպատասխան մնալու կոչուած հարցումով:
Մակար,
17 յունիս 2014, ի Համուտի Աշտարակ

