Հարցազրոյց` «Գալուստ Կիւլպենկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Եւ Հուրի Ադդարեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

«ԱԶԴԱԿ».- Երբ կը խօսինք մանկավարժներ կամ հայոց լեզուի ուսուցիչներու պատրաստութեան մասին, հաւանաբար հո՛ն նաեւ հարց կայ այն իմաստով, որ թերեւս այսօր զգալի է բացակայութիւնը մեր իրականութեան մէջ մեծ աշխատանք տարած եւ ներդրում ունեցած  Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին նման մարդուժ պատրաստող կառոյցի մը: Հակառակ այդ փշոտ ճանապարհի առկայութեան, եթէ երիտասարդները ուզեն մասնագիտանալ եւ հայագէտ դառնալ, չեն գտներ նման բոյն մը: Նման կառոյցի մը բացակայութիւնը  նկատի առա՞ծ ես տեղեկագիրին մէջ:

ՀՈՒՐԻ ԱԴԴԱՐԵԱՆ.- Տեղեկագիրին մէջ անշուշտ այդ մասին ալ կայ, որովհետեւ հոն շատ կարճ ակնարկ մը կայ, թէ տարիներու ընթացքին տարբեր տեսակի ի՛նչ ծրագիրներ եւ  կեդրոններ եղած են համայնքին մէջ: Շատ ճիշդ է ըրած մատնանշումդ, նման ծրագիր կամ առաջարկ մը, ոտքին տակ հող կ’ուզէ, դատարկ միջոցի մէջ պիտի չըլլայ ատիկա: Ատոր համար ալ անհրաժեշտ է մտածել ուսուցիչներու կրթութեան կեդրոնական ծրագիր մը հիմնել: Այդ տեսակի կեդրոնի ծրագիր մը առաջատարի  դեր պիտի կատարէ ուսուցիչներու կրթութեան մէջ եւ դարձեալ` թէ՛ ապագայի կրթութեան եւ թէ՛ արդէն աշխատող ուսուցիչներու կրթութեան համար…

Միեւնոյն ժամանակ այսպիսի կեդրոն մը պէտք է նաեւ կարենայ համադրել, գործել գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող զանազան ծրագիրներու կեդրոններու հետ: Միւս կողմէ` համայնքին մէջ արդէն գոյութիւն ունին քանի մը  ծրագիրներ, որոնք «Թի.Էս.»-ի վկայականին կը պատրաստեն, ինչպէս` «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորման կեդրոն»-ը, Մեսրոպեանի նախադպրոցական կրթութեան արհեստագիտական հոսքը: Ասոնք տեղւոյն վրայ պահանջարկ մը կը լրացնեն, յստակ է: Բայց չի՛ բաւեր ատիկա, որովհետեւ կարեւոր է համալսարանական ուսումը, որովհետեւ  ուսուցչութիւնը, ուսուցչական ասպարէզը, մանկավարժութիւնը, ուսուցումը  գիտական մասնագիտութիւն են եւ շատ կարեւոր է, մտաւորական աշխատանքը եւ այդ գիտական հետազօտական աշխատանքը նոյնքան կարեւոր է, որքան դասարանային դասաւանդումը: Պէտք է մտածել` ուսուցիչներուն ո՞վ պիտի դասաւանդէ, շատ կարեւոր է ասիկա: Առ այդ, ըստ այնմ պէտք է մտածել, որ այնպիսի ծրագիր մը կամ կեդրոն մը, որուն մասին կը խօսինք, միմիայն պարզ պաչըլըրզ  պաքալորէոսի վկայականի աստիճանի մասին չէ, այլ` աւելի անդին պէտք է կարենանք անցնիլ, մագիստրոսական եւ դոկտորական աստիճանի մասին պէտք է մտածենք, հայ մանկավարժ ունենալու, հա՛յ կրթական գործիչ ունենալու: Ժամանակին ունեցած ենք, հիմա է որ սկսած են մատներու վրայ հաշուըուիլ: Յետոյ այդ գիտական հենքը, մասնագիտական այդ աճը  շատ կարեւոր պիտի ըլլայ, միւսին` մանկավարժական տեւակայունութեան համար եւ ուրեմն այդպիսի կեդրոն ծրագիր մը եթէ ըլլայ, կրնայ քանի մը երեսակով առաջատարի դեր կատարել, մէկ կողմէն ուսուցիչներու պատրաստութեան, կրթութեան, միւս կողմէն` կ՛ըլլայ գիտական կեդրոն մը` տեսականը եւ գործնականը քով-քովի բերող, երկխօսութեան գիտելիքի փոխանակման վայր մը կ՛ըլլայ, որ շատ կարեւոր է: Կը կապէ այս կեդրոնը ոչ թէ միայն տեղական բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններու, այլ` միջազգային կրթական հաստատութիւններու: Կը կապէ այս կեդրոնը Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս հայագիտական, հայերէնագիտական ամպիոններու հետ: Կը կապէ այս կեդրոնը` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ առաջատար կեդրոններու հետ, որոնք կա՛ն, գոյութիւն ունին:  Փաստօրէն ամբողջ մեծ պարունակի մը մասին է խօսքը եւ կարեւոր է մտածելը: Անշուշտ այս բոլորը մէկ օրէն միւսը պիտի չըլլան, անհնարին է, որ ըլլան: Խօսքը աստիճանական մօտեցման մասին է, դանդաղ, բայց հետեւողական քայլերու մասին է: Անշուշտ այսպիսի բան մը հոս իր ներգործութիւնը եւ իր փոխազդեցութիւնը ունի սփիւռքեան միւս համայնքներուն մէջ ալ: Յստակ է նաեւ, որ Լիբանան տակաւին թէ՛ առաջատար եւ թէ՛ առաջնային դեր կը կատարէ միւս համայնքներուն հետ համեմատած: Շատ մը ուրիշ համայնքներու մէջ իրականութիւն է, որ ուսուցիչները լիբանանահայ են եւ հաւանաբար ալ  շարունակե՛ն տակաւին լիբանանահայեր ըլլալ եւ այդ առումով ալ անդրազգային կապերը շատ կարեւոր են:

Իսկ ինչ որ նիւթականին կը վերաբերի, յստակ է, որ այս նիւթականի ոլորտը լուրջ մասնագիտական, փորձագիտական աջակցութեան կը կարօտի: Այդ ուղղութեամբ  քանի մը առաջարկ-յանձնարարականներ կան տեղեկագիրին մէջ.

– Առաջին. կը կարծեմ, որ այո՛, շատ կարեւոր է եւ պէտք է «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը շարունակէ  յանձնառու ըլլալ հայկական դպրոցներուն գծով: Սակայն կը կարծեմ, որ պէտք է փոփոխութիւն տեղի ունենայ եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը անցնի աւելի ռազմավարական բաշխումի, դրամաշնորհներու պարագային: Այսինքն, փոխանակ փոքր գումարներու, յատկացումները ըլլան աւելի մեծ գումարներով եւ ըստ նախագիծերու նպատակներուն եւ ատիկա ըլլայ հերթագայութեան առումով: Այսինքն, ձեւով մը տեղւոյն վրայ դպրոցները, կրթական հաստատութիւնները, ուսումնական խորհուրդները, իրենք ալ առնեն այդ նախաձեռնութիւնը` նախագիծեր կազմելու ըստ իրենց կարիքներուն:

Երկրորդ կարեւոր հարցը. պայմանականութեան դրոյթ մը դրուի դրամաշնորհներու պարագային: Երբ այդ դրամաշնորհները կը տրամադրուին «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան կողմէ, հիմնարկութիւնը պայման դնէ, որ օժանդակութիւն, դրամաշնորհ ստացողները իրենց մասնակցութիւնը բերեն հիմնարկութեան կողմէ սատարուող կամ անոր հաւանութեան արժանացած նախաձեռնութիւններուն կամ առաջարկ-յանձնարարականներուն: Այսինքն պատասխանատուութեան եւ հաշուետուութեան օղակ մը ստեղծուի եւ ասոր շուրջ մշակոյթ մը ստեղծելու մասին է խօսքը:

Վերջին կէտ մըն ալ, որպէսզի այս բարդ նիւթականի հարցերուն կարելի ըլլայ աւելի մօտէն հետեւիլ եւ տեղւոյն վրայ կարելի ըլլայ լուծումներ գտնել, առաջարկ մը կայ` յատուկ նշանակութեան յանձնախումբ մը ստեղծել «ֆայնենշըլ թեսք ֆորս»-ի (financial task force) օրինակով, մի միայն այս պիտի ըլլայ իր առաքելութիւնը, տասնամեայ ռազմավարական ծրագիր մը մշակէ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ օգնել կրթական հաստատութիւններուն, իրատեսական ծրագիրներ մշակելու եւ, նաեւ` թիրախային կերպով աշխատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նիւթականի տեսակէտէն տեւակայուն վիճակ մը ունենայ:

ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ես ալ աւելցնեմ, որ տեղեկագրին մէջ կարծեմ 14-15 մանրամասն թելադրանքներ կան, թէ ի՛նչ կարելի է ընել, որոնց մեծ մասը Հուրիկը արդէն նշեց: Ոեւէ հաշուապահ նոյն բանը ձեզի պիտի ըսէ, եթէ նիւթական դժուարութեան մէջ է` ծախսերը նուազեցնել, եկամուտները բարձրացնել: Հարցը կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՛ս ասոնք կարելի է ընել: Տարբեր լուծումներ կան, բայց այդ լուծումները պէտք է ըլլան մասնագիտական հիմքերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ եւ ոչ թէ ենթադրութիւններու վրայ: Մեզի չ՛իյնար Լիբանանի դպրոցներու  նիւթական մանրամասնութիւններով զբաղիլ, ըսել, թէ այս պէտք է կտրել կամ այս պէտք է աւելցնել: Բայց հարց մը կայ եւ լուրջ հարց մըն է եւ անոր լուծումը քանի մը հազար տոլարով ծակեր գոցել չէ: Կառուցային հարց մըն է, որ պէտք է լուծուի:  Օրինակ, առնենք մեր պոլսահայ համայնքին մօտեցումը, դպրոցներուն շատերը հոն հասութաբեր կալուածներ ունին, հոս չկան, բայց այդ մասին կարելի է մտածել, թէ ինչպէս հեռուն մտածելով` կրնանք հասութաբեր միջոցներ օգտագործել, որպէսզի նիւթական այդ բացերը գոցենք: Բայց նման բան ընելու համար տեսլական պէտք է եւ` դուրս ելլել այն մտածելակերպէն, թէ դպրոցը չի կրնար պիզնըսով, առեւտուրով զբաղիլ: Այո՛, դպրոցը պիզնըսով պէտք չէ զբաղի, բայց միշտ աչքը պէտք է պահէ պիւտճէին վրայ եւ չենթադրէ, թէ տեղէ մը հրաշքով  հարցը կը լուծուի: Այս նիւթերու մասին է, ասոնցմէ շահագրգռուած է, որ մենք ուզեցինք այս տեղեկագիրը պատրաստել, որպէսզի այս տեսակի հարցերը դրուին, խօսուին: Բոլոր լուծումները մէջը չեն, բայց լուծումներու գաղափարներ կան մէջը, եւ կը յուսանք, որ գաղութին կողմէ կը տրուին պատասխանները:

«Ա.».- Իսկ Հայագիտականի նիւթերու վերաբերող բաժինին գծով աւելցնելիք ունի՞ք, թէ՞ կեդրոնի մը կարիքը կայ…

Դ. Ռ. Փ.- Կեդրոնի գաղափարը աւելի ծրագիր կեդրոն է: Այս գաղափարը մեր հնգամեայ ծրագիրին մէջ ալ կայ: Ես երբ առաջին անգամ եկայ, տեսայ, թէ որքան պակասը կայ եւ ամէն մարդ նոյնը ըսաւ, թէ պակասը ունինք հայախօս մտաւորականի եւ հայախօս ուսուցիչ պատրաստելու գծով: Ատոր համար ալ մեր հնգամեայ ծրագրին մէջ նշեցինք ատիկա, որուն վրայ հիմնուելով` Հուրիկը առաջ տարաւ զայն եւ գաղափարը ներկայացուց տեղեկագիրին մէջ:

«Ա.».- Անցնինք ձեր հնգամեայ ծրագիրին, դուք նախապէս ձեզի հետ եղած հարցազրոյցներուն ընթացքին ըսիք, որ այլ սկզբունքներու եւ այլ ուղղութիւններու վրայ հիմնուելով` պիտի մշակէք ձեր ծրագիրը: Խնդրեմ` անդրադառնաք հիմնական ուղղութիւններուն, խնդիրներուն եւ հիմնական այն առանցքներուն,  որոնց վրայ խարսխուած է ձեր ծրագիրը:

Դ. Ռ. Փ.- Շա՛տ լաւ, ուրեմն, չորս հիմքի վրայ հիմնուած է մեր հնգամեայ ծրագիրը: Հիմնարկութեան առաքելութիւնը  արդէն կը տեսնէք` ունենալ կենսունակ ապագայ մը հայ ժողովուրդին համար, շեշտը դնելով հայոց լեզուին վրայ: Բաւական ընդարձակ է ատիկա: Ճամբորդութիւններէս ետք ինծի համար յստակ եղաւ, որ շեշտը արեւմտահայերէնին վրայ պէտք է դնել, այլապէս լեզուն պիտի կորսնցնենք` որպէս ամէնօրեայ լեզու: Ատկէ զատ կան չորս հիմքերը.

-1/ Առաջինը` զարկ տալ հայերէնին եւ հայ մշակոյթի պահպանումին` իրարու հետ կապելով սփիւռքի տարբեր հատուածները եւ մանաւանդ օժանդակելով կրթութեան ոլորտին: Ասոր մէջ կ՛իյնան երկու լայն ծրագիրներ,

– Մէկը` մեր դպրոցներու օժանդակութիւնն է, որուն մանրամասնութիւններուն մասին խօսեցայ լիբանանեան բաժինին մէջ, եւ անիկա կ՛ընդգրկէ ուսուցիչ պատրաստել, արհեստագիտութեան զարգացում, որ հայերէնին հետ կապուի, եւ որ Հուրի Ադդարեանը շատ լաւ ձեւով կը բացատրէ:

– Երկրորդ մասը կրթաթոշակներն են, որոնք երկու տարի է սառեցուած էին, հիմա վերամշակուած ձեւով վերսկսած ենք համալսարանականներու համար եւ հոն ալ բաժնած ենք հինգ  հիմնական մասերու`

– ա/ Շատ փայլուն «Փի.Էյչ.Տի.»-ի (PHD) թեկնածու ուսանողներու համար, հայագիտութեան, հայ ուսուցիչ պատրաստելու համար, այն երկիրները, որոնք նիւթապէս Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պէս զարգացած չեն, օրինակ` Լիբանանը, առիթ տալ, որ համալսարան երթան, որպէսզի «պաչըլըրզ» կամ առաջին աստիճան (տիկրի) կարենան ընել:

– բ/ Մէկ բաժին ալ կայ` Հայաստանի մէջ հայաստանցի ուսանողներ, որպէսզի արտասահման երթան եւ գիտաժողովներու կամ փոխանակման ծրագիրներու (Էքսչէյնճ փրոկրամ) մասնակցին եւ այլն: Այս երկուքը միասին կ՛ընեն մօտ երկու միլիոն տոլարի պիւտճէ, որ կը ներկայացնէ մեր տարեկան պիւտճէին մեծ մասը:

– 2/ Երկրորդ  ոլորտը Հայաստանի օժանդակութիւնն է, հոն ալ մօտ 500-700 հազար տոլարի պիւտճէ մը պիտի տրամադրենք, այս ալ կ՛ընդգրկէ երեք կէտեր.

– Մէկը հիմնուած է քաղաքացիական կազմակերպութիւններու վրայ, մանաւանդ` այն քաղաքացիական ընկերութիւններուն, որոնք երիտասարդութեամբ կը զբաղին, «սիվիք ընկերութիւններու» հետ քաղաքացիական օժանդակութիւն: Շեշտը դրինք ասոնց օժանդակութիւն տալու վրայ:

– Միւս մասը պիտի ըլլայ համալսարաններու կամ մատենադարաններու հետ աշխատիլ, որպէսզի հրատարակութիւններ ըլլան, ուսանողներ արտասահման երթան:

– Իսկ երրորդ մասն ալ սփիւռքի նախարարութեան հետ  որոշ ծրագիրներ են, մանաւանդ` արեւմտահայերէնի ծիրին մէջ:

– 3/ Երրորդ սիւնը քիչ մը աւելի նոր է` հայ-թրքական երկխօսութեան ոլորտն է: Կը կարծեմ, թէ կարեւոր պիտի ըլլայ յաջորդ տասը տարիներուն: Որպէս կազմակերպութիւն մը, որ բացարձակապէս քաղաքականութեամբ չենք զբաղիր, կրնանք սակայն քաղաքացիական կազմակերպութիւններու, ակադեմական  ձեռնարկներու օժանդակել, որպէսզի հայկական ներկայութիւնը ամրապնդենք եւ բաժնեկցած հասարակաց պատմութեան (shared history) մասին աշխատանքներ տարուին: Այս գծով նախատեսած ենք 300 հազար տոլարի պիւտճէ:

– 4/ Չորրորդն ալ մեր դասական օժանդակութիւնն է` հայ գրական ժառանգութիւններ քաջալերելու:  Հոս շեշտը պիտի դնենք թուայնացումի վրայ: Այսինքն` ելեկտրոնային հրատարակութիւններու, կայքեր եւ այլն: Քաջալերել, որ թերթերը ելեկտրոնային կայքեր ունենան, եթէ չունին: Կը կարծեմ, թէ յաջորդ 5-6 տարիներու ընթացքին մեր հրատարակութիւններուն մեծ մասը թուայնացուած պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ` թղթատար:

Ատկէ զատ, ուրիշ քանի մը կէտեր ալ աւելցնեմ. հիմնարկութեան մեր գրասենեակը պիտի վերածենք կեդրոնի մը, որ կրնայ համախմբել տարբեր- տարբեր սփիւռքահայ եւ հայաստանցի մտաւորականներ, խմբաւորումներ, որպէսզի ռազմավարական ձեւով մտածենք եւ խօսինք հայերը յուզող հարցերու մասին. Տաւոսի պէս բան մը: Մենք ռազմավարական կեդրոն չենք, սակայն կրնանք, կարծեմ, դեր մը խաղալ, կրնանք քով-քովի բերել տարբեր խմբակցութիւններ, որովհետեւ բացարձակապէս չէզոք ենք հայկական ներքին հարցերով: Ասոր ընդհանուր խորագիրը պիտի ըլլայ`  «Հայերը 2115-ին»  որովհետեւ պէտք է հեռու մտածենք: 2115-ին, երբ արթննանք, պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ընենք ետքը: Այս ալ ռազմավարական մտածելակերպի մէկ ոճ է:

– Ե/ Իսկ վերջին կէտն ալ Փորթուգալի մէջ հայկական մշակոյթը ներկայացնելու փափաք մը ունինք. օր մը գործընկերներէս մէկը ինծի ըսաւ. «Գիտենք, որ Գալուստ Կիւլպենկեանը հայ է, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ ըսել է հայ ըլլալ». ասիկա քիչ մը զարմացուց զիս: Առ այդ որոշեցի գէթ տարին անգամ մը, հայկական նուագ, հայկական արուեստ, հայկական ձեռնարկներ կազմակերպել, եւ բարեբախտաբար գործընկերներս ընդառաջեցին:

«Ա.».- Գիտենք, որ «Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը արտակարգ իրավիճակներու պարագային օժանդակութիւններ կը տրամադրէ, հիմա նման բան նկատի առնուա՞ծ է ձեր ծրագիրին մէջ: Աւելի գործնական ըլլալու համար` առնենք Սուրիոյ պարագան, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը, մանաւանդ հայկական բաժանմունքը միշտ ալ օժանդակութեան հասած է հոն, ուր որ հայութիւնը տագնապի մէջ եղած է: Ձեր այս արդիւնաւէտ ծրագիրի կողքին այդ ալ նկատի առա՞ծ էք:

Դ. Ռ. Փ.-  Այո՛, նկատի առած ենք: Մեր ամբողջ շեշտը ծրագրուած աշխատիլ  է, բայց որքան որ ծրագրես, միշտ կը պատահին դէպքեր կամ բաներ, զորս չես կրնար նախատեսել: Բայց համեստ գումար մը ամէն տարի մէկ կողմ դրած ենք կամ պիտի դնենք, որպէսզի այս  չնախատեսուած հարցերուն տրամադրուի, մօտ` 200 հազար տոլար: Բայց որովհետեւ անցեալ տարին` 2013-ը փոխանցման ժամանակ էր մեզի համար, քիչ մը աւելի կարելիութիւն ունինք Սուրիոյ օժանդակութեան հասնելու եւ բաւական մեծ գումար տրամադրեցինք եւ տրամադրելու ընթացքին մէջ ենք: 2013 տարուան պիւտճէէն  600 հազար եւրօ (որ կ՛ընէ մօտաւորապէս  800 հազար տոլար) տրամադրած ենք եւ տրամադրելու ընթացքին մէջ ենք սուրիահայ համայնքին, որուն մէկ մասը զուտ մարդասիրական օժանդակութիւն է սուրիահայ ընտանիքներուն յատկացուած, մաս մը կաթողիկոսարանին միջոցով, միւս մասը` բարեգործականին միջոցով միշտ շեշտելով, որ շտապ օգնութեան յանձնախումբին միջոցով պէտք է բաժնուին:

Երկրորդ թիրախը սուրիահայ համալսարանական  ուսանողներն են, որոնք Հայաստան կը գտնուին եւ դժուարութիւն ունին իրենց  համալսարանական կրթաթոշակը վճարելու: Համաձայնեցանք սփիւռքի նախարարութեան եւ Բարեգործականին հետ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը մէկ երրորդը վճարելով` կարելի ըլլայ ամբողջ վճարումէ զերծ կացուցել ուսանողը: Ասիկա սուրիահայ 350 ուսանողի համալսարանական թոշակին գծով եղաւ:

– Ատկէ զատ, նոր ծրագիր մը մշակեցինք` փորթուգալական ուրիշ նախաձեռնութեան մը հետ, զոր Փորթուգալի նախկին նախագահը կը ղեկավարէ: Այս ծրագիրով կը միտինք օժանդակել սուրիահայ համալսարանականներու, որոնք պատերազմի պատճառով իրենց երկիրը ձգած են եւ կ՛ուսանին այլ երկրի մը մէջ: Ասոնք կրնան դիմել, որպէսզի կրթանպաստ ստանան Սուրիայէն դուրս իրենց ուսման համար:

Այս բոլորը միասնաբար մօտաւորապէս 600 հազար եւրոյի պիւտճէ մըն էր: Այս տարի ալ ասիկա պիտի շարունակենք:

«Ա.».- Գոնէ Լիբանանի մէջ «Կիւլպենկեան» հաստատութեան ձեր բաժանմունքը միշտ ալ  ճանչցուած է համալսարանականներուն տրամադրուած օժանդակութեամբ: Թերեւս օրին փոքր գումարներ կը տրամադրէիք մեծ թիւով ուսանողներու: Հիմա այդ քաղաքականութիւնը կարծեմ փոխած էք: Խնդրեմ` քիչ մը աւելի մանրամասն խօսիք այս մասին, որովհետեւ ընդհանրապէս լիբանանահայ համայնքը, որ մեծապէս օգտուած է ձեր կառոյցէն, հետաքրքրուած է գիտնալու, որ համալսարանականներուն  ներդրուած ձեր  գումարը ի՛նչ ձեւով պիտի բաժնուի:

Դ. Ռ. Փ.- Արդէն ամփոփ կերպով անդրադարձանք քիչ առաջ, իսկ հնգամեայ ծրագիրին մէջ աւելի մանրամասնօրէն գրուած է հինգ հիմնական դասակարգումները.

Առաջինով պիտի տրամադրէ չորս լրիւ վճարուած կրթաթոշակ` սփիւռքահայ ուսանողներուն, որոնց հետեւած նիւթը կարեւոր չէ, այնքան ատեն որ աւելի առնչուած ընկերաբանական նիւթերու: Կարեւորը հայ ծագումով ուսանող ըլլալն է. ասոնք լրիւ կրթաթոշակ եւ ապրուստը պիտի վճարուի: Այս բաժինը պիտի կոչուի «Գալուստ Կիւլպենկեան» կրթաթոշակներ միջազգային գերազանցութեան համար»: Ասիկա փի. էյչ. տի.ի ուսանողներուն համար է:

Երկրորդը` նորէն լրիւ վճարուած կրթաթոշակ, մագիստրոսի եւ փի. էյչ. տի.ի մակարդակով, բայց հայագիտական  նիւթերու: Այս դասակարգին մէջ ուսանողը հա՛յ ըլլալու պէտք չունի, այնքան ատեն որ նիւթը հայագիտական է, լրիւ կրթաթոշակ կը ստանան, միջազգային գետնի վրայ:

Երրորդ  բաժինով, կրթաթոշակներու գումարները ըստ կարիքի պիտի որոշուին, ասիկա հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու համար է, անոնք, որոնք  արեւմտահայերէնի կը  տիրապետեն եւ կ՛ուզեն ուսուցիչ ըլլալ, իրենց կրթաթոշակը կու տանք, որպէսզի մանկավարժութեան մէջ մասնագիտանան: Կայ նաեւ հակառակը, եթէ մանկավարժութեան ուսանողի մը արեւմտահայերէն բաւարար  մակարդակը չունի` անոր առիթ պիտի տանք, որ կարենան հայոց լեզուն բարելաւել ու մասնագիտանալ:

Չորրոդը` հայաստանցի ուսանողներու համար է, որ առիթը ունենան արտասահման երթալու,  գիտաժողովի մասնակցելու, իրենց մասնագիտութիւնը ներկայացնելու, արտասահմանեան մօտեցումներ տեսնելու: Այս բաժինին մէջ կ՛իյնան նաեւ փոխանակման ծրագիրներ, որոնք կրնան երեք ամիս տեւել: Հինգերորդով կրթաթոշակներ նախատեսուած են մեր նախկին դասական ձեւով, տարեկան մինչեւ հինգ  հազար տոլարի շուրջ, որպէսզի այն փայլուն աշակերտը, որոնք կ՛ուզեն համալսարան երթալ, առիթ ունենան համալսարան երթալու, իրենց պաչըլըրզը ընելու համար: Որոշած ենք քառասուն ուսանողի կրթաթոշակ տրամադրել միջազգային գետնի վրայ, բայց իրականութիւնը այն է, որ մեծամասնութիւնը Լիբանանէն է: Միջազգային ըսելով նկատի ունիմ այն երկիրները, որոնք նիւթապէս զարգացած, յառաջադէմ չեն, ուր պետութիւնը օժանդակութեան միջոցներ չունի: Կարեւոր է նշել, որ մեր կրթանպաստները այլեւս միայն կարողութեան հիման վրայ նկատի պիտի առնենք եւ ոչ թէ կարիքի, որովհետեւ մենք դժուար կրնանք ճշդել  ուսանողին նիւթական վիճակը: Եթէ կարող աշակերտ է նկատի կ՛առնենք, յուսալով, որ անոնք, որոնք կարիքը չունին չդիմեն: Շեշտը դրած ենք մասնագիտութեան վրայ դոկտորական կամ մագիստրոսի աստիճանով  եւ պիտի քաջալերենք անոնք, որոնք հետազօտութիւններ կ՛ընեն մանաւանդ հայագիտական նորագոյն նիւթերով, 20-21-րդ դարերու նիւթերով կը զբաղին: Քիչ մը մեր օժանդակութիւնը պատմութենէն պիտի փոխանցենք այժմէական նիւթերով մասնագիտացողներուն:

«Ա.».- Ձեր նշած հինգ տարբեր ծրագիրներուն մէջ, որքանո՞վ կամ ի՞նչ համեմատութեամբ բարձրացուցիք հայկական շրջանակներուն տրուող օժանդակութիւնը:

Դ. Ռ. Փ.- Կրթաթոշակներու պարագային ընդհանուր ծրարը ընդամէնը մէկ միլիոն տոլար է, կան անոր ներքին բաժանումները, զորս նկատի պիտի ունենանք ըստ ներկայացող դիմումներու: Օրինակ Ամերիկայէն եթէ ուսանող մը դիմէ եւ կրթանպաստ ստանայ`յիսուն հազար տոլար է: Եւրոպայի պարագային, այդքան չէ, որովհետեւ հոն կրթաթոշակները այնքան ալ բարձր չեն: Իսկ մեր տարեկան պիւտճէն նոյնն է, երեքուկէս միլիոն տոլար է, որ ծրագիրներու կը տրամադրենք: Մեր պիւտճէն տարուէ տարի նոյնն է, մէկ տոկոս կը բարձրանայ, մէկ տոկոս կը ցածնայ, բայց վերիվայրում չկայ, քանի տարի է նոյն մակարդակի վրայ է:

«Ա.».- Այսինքն ձեր նոր ծրագիրով նախկին գումարը կամ պիւտճէն բաժնեցիք տարբեր ձեւով:                   

Դ. Ռ. Փ.-  Տարբեր ձեւով ծախսելու մօտեցում մըն է:  Օրինակ, ինչպէս նախապէս եթէ տարեկան 200-300 ուսանողի կրթանպաստ կու տայինք դիմողներուն, փոքր փոքր գումարներով, հիմա կ՛ըսենք` ոչ  շատ աւելի նուազ կրթանպաստներ պիտի տանք, սակայն մեծ գումարներով: Ուրեմն ստացողներուն թիւը քիչ պիտի ըլլայ, բայց անոնք, որոնք պիտի ստանան, շատ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլայ իրենց ստանալիք կրթանպաստի գումարը:

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

Share this Article
CATEGORIES