Անդրադարձ. «Մեծագոյն Սատանայ»-ին Եւ Դժոխքի Միջեւ Ընտրանքի Մը Հրամայականը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (ՏԱՀԵՇ) խմբաւորումին Իրաքի մէջ արձանագրած զինուորական նկատառելի յառաջխաղացքը ներկայ պահու դրութեամբ ջնջած է Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանը եւ իրողական գետնի վրայ գոյացուցած նոր պետութիւն մը` այդպիսով ոչ միայն մասամբ իրագործելով նշեալ կազմակերպութեան նպատակը, այլ նաեւ ջնջելով 16 մայիս 1916-ին ստորագրուած Սայքս-Փիքօ համաձայնութեամբ գծուած Սուրիա-Իրաք սահմանը: Եթէ պահ մը աչք նետենք քարտէսին, պիտի տեսնենք, որ Սուրիա-Իրաք ուղղահայեաց սահմանագիծը փոխարինուած է հորիզոնական երկու սահմաններով. գոյացած է իսլամական էմիրութիւն մը, որուն հիւսիսը արդէն նախապէս գոյացած էր վարչական գետնի վրայ երկթեւ` քրտական տարածք մը:
Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քարիւղով հարուստ շրջաններուն իսլամական արմատական կազմակերպութեան մը կողմէ գրաւումը եւ դէպի Պաղտատ, Քարպալա եւ Նաժաֆ յառաջխաղացքը կը վտանգէ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Իրանի շահերը, իրողութիւն մը, որ երկու երկիրներուն միջեւ Իրաքի հարցով համագործակցութեան կարելիութիւն ստեղծած է: Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամհանի հերքեց Իրաքի իրավիճակին շուրջ ուղիղ երկխօսութեան մը հաւանականութեան մասին շրջանառութեան մէջ եղող լուրը, իսկ Փենթակոն յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ զինուորական հաւանական գործողութեանց համար Թեհրան-Ուաշինկթըն համակարգում մը գոյութիւն չունի: Ճիշդ է, որ այդպիսի համագործակցութիւն մը այս պահուս գոյութիւն չունի, սակայն յառաջիկայ օրերուն կրնայ գոյանալ: Այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այդպիսի համագործակցութեան մը կարելիութիւնը չբացառեց, կը վկայէ այն մասին, որ ամերիկեան կողմը այդ մէկը կը փափաքի: Կը մնայ տեսնել, թէ իրանեան կողմը իրեն երկարած ձեռքը պիտի սեղմէ՞: Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ կարեւոր ազդակ մը. իրաքեան իշխանութիւնները Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը խնդրած են, եւ ամերիկեան օդանաւակիր մը արդէն իսկ կ՛ուղղուի դէպի Արաբական ծոց…
Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համակարգում մը որոշ չափով պիտի սահմանափակէ ամերիկեան ուժերու ներխուժումին ու հեռացումին պատճառով Իրաքի մէջ Իրանի ունեցած ներկայ մեծ ազդեցութիւնը: Այդպիսի զարգացում մը իրանեան իշխանութիւններուն համար կրնայ հաճելի չըլլալ, սակայն կը թուի ողջամիտ ընտրանք մը ըլլալ` նկատի ունենալով անոր այլընտրանքը:
Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տապալումէն ետք, երկրին շիի մեծամասնութիւնը ժողովրդավարութեան հոլովոյթին իբրեւ բնական արդիւնք ստանձնեց երկրին ղեկավարութիւնը, ինչ որ սիւննիներուն մօտ ստեղծեց դժգոհութիւն մը, որ տարիներու ընթացքին խորացաւ: Այսօր դժգոհութիւնը հասած է այնպիսի աստիճանի մը, որ Քայիտայի դէմ պայքարին մէջ իրաքեան իշխանութեանց աջակցած սիւննի ցեղախումբերը այժմ կ՛աջակցին Քայիտայի առնչակից ՏԱՀԵՇ-ին եւ անոր հետ կ՛արշաւեն ոչ միայն դէպի Ապպասական խալիֆայութեան նստավայր` Պաղտատ, այլ նաեւ շիիներու մեծագոյն սրբավայրեր Քարպալա եւ Նաժաֆ: Շիիներու մեծագոյն հեղինակութիւններէն աւագ այաթոլլա Ալի Սիսթանի Իրաքի շիիներուն կոչ ուղղեց իրաքեան բանակին օժանդակելու: Կոչ մը, որ անպատասխան չմնաց. պատկերասփիւռի կայաններ ցուցադրեցին, թէ ինչպէ՛ս շիի կրօնաւորներ Քուրանը իրենց ձեռքերուն կ՛օրհնեն կամաւորները: Այլ խօսքով` Իրաքի մէջ ստեղծուած է յարանուանական պատերազմ մը, եւ Իրանի կողմէ զինուորական միակողմանի որեւէ ուղղակի միջամտութիւն շրջանին մէջ առկայ սիւննի-շիի սուր լարուածութիւնը պիտի վերածէ բացայայտ պատերազմի մը, որուն միայն աղէտալի ըլլալը կանխատեսելի է: Այս առումով Ուաշինկթընի հետ գործակցութիւնը այդպիսի զարգացումի մը ժխտական ազդեցութիւնը նկատառելի չափով կը մեղմացնէ:
Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններու վարչակարգին տապալման համար համագործակցած են: Այսօր անոնք կրնան գործակցիլ քարիւղով հարուստ եւ յարանուանական գետնի վրայ զգայուն շրջանի մը մէջ իսլամական էմիրութեան մը ստեղծման ծրագիրի տապալման համար. այլընտրանքը շրջանային մակարդակի վրայ դժոխային պայմաններու ստեղծումն է:
Իրանեան իշխանութիւնները կանգնած են «Մեծագոյն սատանայ»-ի եւ դժոխքի միջեւ անմիջական ընտրանք մը կատարելու հեգնական ընտրանքին առջեւ: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ Թեհրան ինքնագլուխ պիտի գործէ՞, ամերիկեան վարչակազմին հետ պիտի համագործակցի՞, թէ՞ ձեռնածալ մնալով` Իրաքի շիիներուն եւ շիի մեծագոյն սրբավայրերու պաշտպանութեան գործը իրողապէս «Մեծագոյն սատանայ»-ին պիտի վստահի:

