ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութիւնը Խանգարեց Աթէնքի Մէջ Ազերիական Համերգի Կազմակերպումը

azeri_megaro_1_10-6-14Ջուղայի հայկական գերեզմանատան դէմ ազերիներու բարբարոսութիւնը ցոյց տուող պրակ մը բաժնուեցաւ Աթէնքի համերգասրահը մուտք գործող բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնց կարգին` օտար դիւանագիտական եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներուն:

Ազրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութեան մօտ յաջողցնելու համար վերջերս որոշ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան, կամ անոր կից գործող միութիւններու կազմակերպումով:

Այս ծիրէն ներս, ուրբաթ, 6 յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ազերիական դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը, Աթէնքի համերգասրահին մէջ, որուն հրաւիրուած էին մասնակցելու օտար դիւանագէտներ եւ յոյն գործարարական ու հասարակական կազմակերպութեանց շրջանակներ: Նշենք, որ ժողովուրդին համար ազատ մուտքով կազմակերպուած էր բազմածախս համերգը:

azeri_megaro_2_10-6-14Յոյն հասարակութեան մօտ ազերիական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բարբարոսական արարքները բացայայտելու նպատակով, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներ ներկայ գտնուեցան Աթէնքի համերգասրահի մուտքին` ձեռնարկին ներկայ եղող յոյն հասարակութեան բաժնելով յատկապէս պատրաստուած գեղատիպ պրակ մը, ուր կը ներկայացուէր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան բնաջնջման բարբարոսութիւնը եւ լոյս կը սփռուէր ազերիական գռեհիկ արարքներուն վրայ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները կանուխէն դիրք գրաւեցին համերգասրահի մուտքին` 1000-է աւելի պրակներ բաժնելով ներկաներուն: Քիչ ետք, ազերի պաշտօնատարներ նկատելով եղածը, դուրս եկան համերգասրահէն, ապահովութեան ուժերու ընկերակցութեամբ, պահանջելով, որ դադրի պրակներու ցրւումը եւ հեռացուին հայ երիտասարդները: Այսուհանդերձ, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները մերժեցին հեռանալ կամ դադրեցնել ցրւումը, նոյնիսկ երբ վրայ հասան ոստիկանական եւ ապահովութեան յատուկ ջոկատներու ուժերը, բացատրելով, թէ խաղաղ նախաձեռնութիւն մը կ’իրագործեն, ժողովուրդը տեղեակ պահելու համար, թէ որո՛ւ համերգը եկած են լսելու:

azeri_megaro_flyier_10-6-14-1Ոստիկանական ուժերը հետզհետէ խստացուցին իրենց կեցուածքը` դիմելով ձերբակալութեանց եւ փորձելով հեռացնել երիտասարդները:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներուն նախաձեռնութիւնը իր նպատակին հասաւ, յոյն եւ օտար շրջանակներուն մօտ բացայայտ դարձաւ Ազրպէյճանին իսկական երեսը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մշակութասէր պետութիւն, բայց նոյն պահուն կատաղութեամբ կ’ոչնչացնէ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական թանկագին կոթողներ:

azeri_megaro_vosdigan1_10-6-141

 

Share this Article
CATEGORIES