ՓԻՈՆԿԵԱՆԿ 2018-Ի ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԽԱՂԵՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Հարաւային Ափրիկէի Տուրպան քաղաքին մէջ գումարած իր մէկ համագումարին ընթացքին որոշեց, որ 2018-ի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալողը պիտի ըլլայ Փիոնկեանկ քաղաքը (Հարաւային Քորէա):
Այսպիսով, Փիոնկեանկ յաջողեցաւ յաղթել գերմանական Միւնիխ եւ ֆրանսական Անսի քաղաքներուն, որոնք գլխաւոր թեկնածուներուն կարգին էին:
Նշենք, որ անցեալին Ասիա երկու անգամ հիւրընկալած է Ձմեռնային ողիմպիականը. երկուքն ալ` Ճափոնի մէջ:
CATEGORIES Մարզական