ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Արժանթին - Քոլոմպիա մրցումէն

«Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արժանթին – Քոլոմպիա ճակատումը` Ա. խմբակին մէջ:

Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Արժանթին, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը, այս անգամ 0-0 արդիւնքով: Անիկա բացման մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պոլիվիոյ հետ:

Մրցումէն ետք, Արժանթինի համակիրները բացագանչութիւններով իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին իրենց կազմին մարզիկներուն եւ մարզիչին` Սերճիօ Պաթիսթայի դէմ, նկատի ունենալով, որ կազմը առաւելագոյն վեց կէտէն ապահոված է միայն երկու կէտ եւ այսպիսով անոր վիճակը վտանգուած է` մրցաշարքէն դուրս մնալու իմաստով:

Քոլոմպիա նոյնիսկ կրնար յաղթանակ արձանագրել, սակայն բերդապահ Սերճիօ Ռոմերօ չորս առիթով փրկեց իր բերդը:

Արժանթինի կոլ նշանակելու առիթները եղան աւելի նուազ եւ անոր յառաջապահները ընդհանրապէս ինկան անոր օֆ-սայտի ծուղակը:

Արժանթին կրնայ գրաւել իր խմբակին երրորդ դիրքը, եթէ Պոլիվիա վաղը յաջողի յաղթել Քոսթա Ռիքայի:

Share this Article
CATEGORIES