Շարափովա Անուշեղէնի Վաճառատուն Մը Բացաւ Ուիմպըլտընի Մէջ
Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա Լոնտոնի (Անգլիա) հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ուիմպըլտըն արուարձանին մէջ անուշեղէնի վաճառատուն մը բացաւ:
Այս վաճառատան մէջ կը ծախուին «Շուկըրփովա» վաճառանիշը կրող ամէն տեսակի քաղցրեղէններ:
Բացի ատկէ, վաճառատան մէջ յատուկ տեղ մըն ալ տրամադրուած է, ուր հիւթեր կը ծախուին, լուսանկարուելու համար յատուկ վայր մըն ալ յատկացուած է եւ հոն այցելողները կրնան անվճար համացանցէ ալ օգտուիլ:
ArmSport.am նաեւ նշեց, որ Շարափովա վերոնշեալ վաճառանիշը կրող անուշները առաջին անգամ ներկայացուց 2012-ին:
Ըստ «Ֆորպս» ամսագիրին տուեալներուն, այս անուշեղէններուն վաճառքին առաջին տարուան ընդհանուր գումարը գերազանցած է 6 միլիոն ամերիկեան տոլարը:
CATEGORIES Մարզական

