Հրապարակախօսական-Բանախօսական-Գրախօսական Ընտրանի Էջեր. (Քննարկումներ, Վերլուծումներ, Դիտարկումներ, Հաստատումներ) (Հեղինակ` Պարոյր Աղպաշեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2012-ին, Պէյրութ, «Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսաւ լիբանանահայ հրապարակագիր- գրաքննադատ եւ խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի «Հրապարակախօսական-բանախօսական-գրախօսական ընտրանի էջեր» խորագրեալ երկը` հրատարակութեամբ «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի (թիւ 18):
Պարոյր Յովհաննէսի Աղպաշեան ծնած է Պէյրութ, ուր նախնական կրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ, իսկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հետեւած է հայոց լեզուի ու գրականութեան դասընթացքներուն:
ՀԲԸ միութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ վարած է այլազան պաշտօններ, ինչպէս` դիւանապետի, ուսուցիչի, տեսուչի եւ այլնի:
«Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկին ու Հայկազեան համալսարանին մէջ դասաւանդած է գրաբար, հայոց լեզուի պատմութիւն, հայ նոր գրականութիւն, հայ մատենագրութեան պատմութիւն եւ հայ լրագրութեան պատմութիւն:
Աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին եւ ստանձնած խմբագրութիւնը լիբանանահայ «Խօսնակ», «Զարթօնք», «Շիրակ» եւ «Կամար» թերթերուն:
Առ ի գնահատանք ազգային, հրապարակագրական, խմբագրական եւ մշակութային կեանքի մէջ իր տարած արդիւնաբեր գործունէութեան` Պարոյր Աղպաշեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու:
Վաստակաւոր անդամն է Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքային, Հայաստանի եւ Արաբ մամլոյ ու Միջազգային լրագրողներու միութեանց:
Հեղինակը ցարդ հրատարակած է հետեւեալ երկերը. «Ներխուժուած Լիբանանի աննկուն կամքը» (2006), «Արեւմտահայ գրողներու լեզուամտածութիւնն ու բառապաշարային շերտաւորումները» (2006), «Ապրուած հրապարակագրութիւն` յետադարձ հայեացքով» (Ա., Բ. եւ Գ. հատորներ, 2008, 2009 եւ 2010), «Պատառիկներ` մեծերէն» (2010), եւ «Հրապարակագրական էջերէ ընտրանի» (արաբերէն, 2011):
Յիշեալ հատորը կը բաղկանայ 288 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները. «Երկու խօսք»` Պարոյր Աղպաշեան, «Կեցցե՛ս, Պարոյր…»` դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեան, Ա. բաժին – «Հրապարակախօսական», Բ. բաժին – «Բանախօսական», եւ Գ. բաժին – «Գրախօսական»:
Յիշեալ հատորին սկիզբը «Երկու խօսք» խորագրեալ հակիրճ գրութեամբ, հեղինակը ընթերցողին նկատողութեան կը յանձնէ իր գործին բովանդակութեան կապակցութեամբ կարգ մը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:
Ապա, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեան «Կեցցե՛ս, Պարոյր…» խորագրեալ յառաջաբանով կը դրուատէ գրական արժանիքը Պարոյր Աղպաշեանի, որուն հետ ուղիղ հինգ տարի, 1965-1970 թուականներուն, հետեւած է բանասիրական ճիւղին` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Հատորին Ա. բաժինը կը կրէ «Գիտազեկուցումներ, հրապարակումներ» խորագիրը եւ կ՛ընդգրկէ 19 յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին ազգային-հասարակական հարցերու:
Այսպէս, ակնարկելով միջկուսակցական յարաբերութիւններու, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ սոյն յարաբերութիւնները չեն գտնուիր օրինակելի ընթացքի մէջ: Թէ` միջգաղութային յարաբերութիւնները եւս կը ներկայացնեն ախտագին վիճակ մը: Հետեւաբար անկազմակերպ գաղութներով կարելի չէ ունենալ սփիւռքահայ առողջ կեանք:
Անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմի քաղաքական շարժառիթներուն` Պարոյր Աղպաշեան կը հաստատէ այն իրողութիւնը, թէ Պարսկաստան կը պարտադրէր հայերուն, որ դառնան կրօնափոխ: Իսկ Հայաստան ապաւինելով հաւատքի զէնքին` կը մղէր ոսոխին դէմ գոյութեան գիտակից պայքար:
Հեղինակը ապա կը պատկերացնէ այն գործնական միջոցները, որոնք կը ձգտին ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը` սփիւռքահայ իրականութեան մէջ:
Հեղինակը կը յայտնէ ան ճշմարտութիւնը, թէ հրապարակագրութեան կենսական դերին հաւատացող յանձնառու մտաւորականութիւնն է, որ կշիռ եւ արժէք կու տայ հայ մամուլին եւ արեւմտահայերէն լեզուին: Ներկայիս, հակառակ իր դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, սփիւռքահայութիւնը պէտք է պաշտպանէ հայ մտաւորականութիւնը, որ իր ազգանուէր առաքելութեամբ կը հանդիսանայ կենսական գործօնը հայապահպանումի եւ հայակերտումի:
Գրականագիտական բնոյթ կրող այլ յօդուածներով Պարոյր Աղպաշեան կը ներկայացնէ Աճառեան գիտնականն ու լեզուաբանը:
Համապարփակ ծանօթագրութիւններով կու տայ հարազատ նկարագիրը գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի:
Հեղինակը կ՛անցնի նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած հայ-թրքական այն յարաբերութիւններուն, որոնք հակառակ եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան` չյանգեցան գործնական որեւէ արդիւնքի:
Հատորին Բ. բաժինը կը կոչուի «Բանախօսութիւններ, զեկուցումներ» եւ կը բաղկանայ ութ յօդուածներէ:
Այս յղացքով, Աղպաշեան 2000 թուին կ՛ունենայ հարցազրոյց` Արամ Ա. վեհափառին հետ, որուն կ՛ուղղէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի քաղաքական պայմաններուն վերաբերող շարք մը հետաքրքրական հարցումներ: Վեհափառը սոյն հարցումներուն կը պատասխանէ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան քաջածանօթ հովուապետի հմտութեամբ:
Այլ յօդուածով Պարոյր Աղպաշեան կ՛արժեւորէ իր երգիծագիր հօր անձին մէջ հրապարակագիր-խմբագիրը, քաղաքագէտ-տեսաբան գաղափարախօսը, գրականագէտ-գրադատ մտաւորականը, լեզուագէտ թարգմանիչը, երգիծագիր ու ծիծաղագիր Խիկարը:
Սոյն գործին երրորդ եւ վերջին բաժինը կը կոչուի «Գրախօսականներ» եւ կ՛ընդգրկէ 13 գրութիւններ, ուր հեղինակը կը քննարկէ վերջին տասնամեակին լոյս տեսած կարգ մը գրական երկեր:
Պէտք է ըսել, որ սոյն հրատարակութեամբ Պարոյր Աղպաշեան ցոյց կու տայ գրական յարատեւ աշխատանք:
Ապրիլ 2013
Պէյրութ

