Ռուսիոյ Մէջ Պիտի Բացուի Ինքնահռչակ Տոնեցքի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութիւնը

2006Donetsk«Էյչ.Թի.Պի.»` վկայակոչելով Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանտր Պորտայի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ այդ ինքնահռչակ հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը պիտի բացուի:

Ինքնահռչակ պետութեան վարչապետը մասնաւորաբար ըսած է, որ ատիկա Տոնեցքի Ժողովրդային Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցչութիւնն է Ռուսիոյ մէջ եւ պիտի գործէ Մոսկուայի մէջ: Կառոյցի ղեկավար նշանակուած է Պորտայի խորհրդական Անտրէյ Ռոտքին:

Պորտայ ըսած է, որ այդ ներկայացուցչութիւնը միակն է, որ հանրապետութեան անունով կրնայ յայտարարութիւններ կատարել:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը հետախուզութիւն յայտարարած է Տոնեցքի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Տենիս Փուշիլինի նկատմամբ, որ այժմ Մոսկուա կը գտնուի:

 

Share this Article
CATEGORIES