Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքին բարձրացումը հաստատ աղբիւր մըն է` ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող յանցագործ մը, որուն անուան սկզբնատառերն են Խ. Զ.:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանը տակաւին որոշ ժամանակի կը կարօտի ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու համար:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, աշխատավարձի յաւելումներուն մասին պարզուած տարակարծութիւնները պարզապէս պատճառաբանութիւններ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, որ երկար ատեն ամբաստանեց Պէյրութի նաւահանգիստն ու միջազգային օդակայանը, պէտք էր այդ կեդրոններուն դիմաց բողոքի ցոյցեր կազմակերպէր:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Պըտտաուիի գաղթակայանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած են զինեալ բախումներ, որոնք պատճառած են վիրաւորներ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի արգիլեն, որ Իրանի թեկնածուն Լիբանանի նախագահ դառնայ` աւելցնելով, որ իրենք բուռն կերպով պիտի զօրակցին Իրաքի յեղափոխութեան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կայ արաբական եւ միջազգային որոշում մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ պէտք է տագնապը պահպանուի իր քաղաքական բնոյթին մէջ` առանց ապահովական կացութիւնը պայթեցնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին կողմէ աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրէնսդրական նիստը բաց ձգելը ցոյց կու տայ, որ այդ իմաստով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` մինչեւ այդ թղթածրարին վաւերացումը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ Քալամունի բարձունքներուն մաքրագործումը ձախողած է` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա մտավախութիւններ ունի, թէ սուրիական ընդդիմութեան զինեալները կրնան վերադառնալ Քալամուն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը խիստ կերպով կը մեղադրէ քրիստոնեայ իր դաշնակիցները` կառավարութեան աշխատանքները խոչընդոտելնուն համար:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ պաղ յարաբերութիւնը տակաւին առկայ է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, զօր. Աունի կատարած վերջին յայտարարութիւններէն ետք, Մուսթաքպալ աւելի հաւանական կը նկատէ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլուի ընտրութիւնը:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող հարցեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան նիստի մը հրաւիրելու առումով վարչապետ Թամմամ Սալամ կը սպասէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ վերջնական պատասխանի մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում հմախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, վերադառնալու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն սկզբունքներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ կատարուած ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներն ու զանոնք ֆինանսաւորող մարզերը հաւասարակշռելու կարելիութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` առանց համախոհական անձնաւորութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

ՏԱՐ Ֆաթուայի յարաբերականի պատասխանատու Շատի Մասրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը պահպանէ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնը` աւելցնելով, որ ան քաղաքական հիմնական հեղինակութիւն է:

 

Share this Article
CATEGORIES