Պայթելու Պատրաստ Չորս Ականուած Ինքնաշարժներ
«Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ այդ աղբիւրները հերքած են այն տեղեկութիւնները, թէ կան գետնուղիներ, որոնք պաղեստինեան գաղթակայաններ կը կապեն Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժնէի գաղթակայանին:
Ապահովական աղբիւրները յայտնեցին, որ սպրդած այս լուրերը անճիշդ են, «իսկ Սապրա Շաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայանը Պըրժ Պարաժնէի կապող գետնուղիին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել պաղեստինեան գաղթակայանները, որպէսզի անոնց շուրջ կեդրոնանան ապահովական միջոցառումները», նշեցին նոյն աղբիւրները:
Օրաթերթին համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ դարձեալ ապահովական խիստ միջոցառումներ սկսած են որդեգրուիլ, որովհետեւ կան տեղեկութիւններ, թէ պայթելու պատրաստ չորս ականուած ինքնաշարժներ կան, որոնք Պէյրութի հարաւային արուարձանները պայթումի թիրախ պիտի դարձնեն` Իրաքի մէջ բռնկած ահաբեկչական նոր յարձակումին զուգահեռ:
Ապահովական վերոնշեալ աղբիւրները հաստատեցին, որ Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի քնացած բջիջները կը գործեն Հըզպալլայի դէմ եւ այս շրջագիծին մէջ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ գտնուող «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցն ու Հարեթ Հրէյքի մէջ գտնուող «Պահման» հիւանդանոցը պայթեցնելու տեղեկութիւնները լուրջ էին, սակայն լիբանանեան բանակին եւ Հըզպալլայի ապահովական ուժերուն շնորհիւ կարելի եղաւ ահաբեկչական գործողութիւններուն այդ ուրուականը հեռացնել Հարաւային արուարձաններէն:
«Անպա»-ի համաձայն, ռամատան ամսուան սկիզբը Լիբանանի ապահովութեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը մնան` հսկելու համար երկրին ապահովական կացութեան եւ նման ահաբեկչական արարքներուն կանխարգիլման:
Ապահովութեան ուժերն ու բանակը կը շարունակեն հետապնդել Քալամունի միջոցով անցած չորս ականուած ինքնաշարժները` արգիլելու համար ահաբեկչութեան շրջագիծին մէջ անոնց օգտագործումը:
Նշենք, որ Մարտ 8-ի աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանան դէմ յանդիման կը գտնուի ապահովական ցնցումներու եւ ահաբեկչական արարքներու:
Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն նաեւ, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու առաքելութիւնը այս հանգրուանին գրեթէ անկարելի է` աւելցնելով, որ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը երկրորդ անգամ պիտի երկարաձգէ:
Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով բանակին յատուկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ բանակը սուրիական ուժերուն հետ կը գործակցի` հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջաններուն մէջ, որպէսզի կարենայ առաջքը առնել Լիբանանին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրներուն:
«Շարք Աուսաթ»-ի մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի դէմ ապահովական սպառնալիքները ոչ մէկ կապ ունին շրջանային զարգացումներուն հետ` աւելցնելով, որ Լիբանանը ցնցող պայթումները արդէն իսկ տարիէ մը ի վեր, այսինքն` նախքան Իրաքի դէպքերը, առկայ էին:
Իր կարգին, «Սաֆիր» օրաթերթը գրեց, թէ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ամիսներէ ի վեր կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են. անոնք ձերբակալած են կասկածելի մը, որուն մօտ գտնուած են ահաբեկչական արարքներու պատասխանատուութիւններ ստանձնող փաստաթուղթեր:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ «Սրաժէտտին Զրէյքաթ»-ի հետեւորդ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը պատրաստուին ահաբեկչական այլ արարքներ գործելու: («Սրաժէտտին Զրէյքաթ»-ի հետեւորդ ահաբեկչական խմբաւորումները պատասխանատու են Պիր Հասանը եւ իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն):
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ ահաբեկչական այդ արարքները պիտի ընդգրկեն նաեւ քաղաքական սպանութիւններ:
ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին:

