Ճատրակ. Լիբանանի Դասական Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլա 5 Կէտով Առանձնացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, «Կոլտըն թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի կ՛ունենան Լիբանանի ճատրակի դասական ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 12 ճատրակ խաղացողներու: Մրցումները կ՛աւարտին 27 յունիսին:
Ֆայսալ Խէյրալլա յաղթելէ ետք Մարուան Շարպելի, այժմ 5-րդ հանգրուանէն ետք առաւելագոյն 5 կէտը ապահովելով առանձնացած է պարագլուխի դիրքին վրայ:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Պասել Շարաֆ (4 կէտ), մինչ Ամրօ Ժաուիշ, Մահմուտ Մաասարանի եւ Իպրահիմ Շահրուր ունին 3,5-ական կէտ: Նշենք, որ վերջինս նախորդ ախոյեանութեան տիտղոսակիրն էր:
CATEGORIES Մարզական

