Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը

Երէկուան մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով: Վերջինս 43-36 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (10-4, 18-22, 29-33 եւ 36-43) 2-0 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը:
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ` 19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Իսկ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (12 կէտ եւ 15 ռիպաունտ), ապա` Նաթալի Սվաճեան (8 կէտ եւ 5 ռիպաունտ):
CATEGORIES Մարզական

