Սիմոնը Ե՞ս Սպաննեցի (Ողբերգութիւն)

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

1978 թուականներուն պէտք է եղած ըլլայ: Դրանս զանգահարումը: Նախկին աշակերտներէս մէկն էր` Նայիմ Տումիթը: Սակայն քովը կանգնող անձը բոլորովին անծանօթ մէկն էր:

– Կրնա՞նք ներս մտնել,- հարցուց Նայիմ,- կարեւոր խնդիրով մը եկած ենք քեզ տեսնելու:

Հրամեցէք եղաւ անշուշտ պատասխանս:

– Պր. Խուրին է, Քասլիք համալսարանի գեղարուեստի բաժնի ընդհանուր քարտուղարը:

Աջ ու ձախ փոքր խօսակցութենէ մը ետք պր. Խուրի շատ քաղաքավար եւ ազնիւ շեշտով մը ըսաւ.

– Պր. Հատիշեան, ձեր մասին խօսած է պր. Տումիթը, որ դուք ճարտարապետութեան ճիւղի դասաւանդութեան մէջ ստեղծած էք նոր աշխատելաոճ մը, որ շատ գնահատուած է մեր համալսարանին մէջ, եւ ինչպէս ձեզի ծանօթ պէտք է ըլլայ, Նայիմն է, որ կը դասաւանդէ տարիներէ ի վեր, եւ շատ գոհ ենք իրմէ: Բայց եկող տարեշրջանին օրէնքը կ՛արգիլէ, որ երկու համալսարաններու մէջ միաժամանակ դասաւանդէ, քանի որ «cadre՛» եղած է Լիբանանեան համալսարանին մէջ, որով ձեզմէ պիտի խնդրէինք, որ դուք գայիք դասաւանդելու, մանաւանդ որ մեզի ծանօթ է, որ այդ բոլորովին նոր աշխատելաոճը դուք էք, որ ստեղծած էք ամբողջ Լիբանանի տարածքին, ճարտարապետութեան համալսարաններէն ներս:

– Պր. Խուրի, Նայիմը մօտէն ծանօթ է իմ վիճակիս. տակաւին անհանգիստ եմ եւ դժուարութեամբ կը դասաւանդեմ երկու համալսարաններու մէջ, երրորդ մըն ալ շատ աւելի յոգնեցուցիչ պիտի ըլլայ ինծի համար: Չկամութեան հարց չկայ, կայ ֆիզիքական անկարողութեան պատճառ: Նայիմ ինք գիտէ` քանի՛ անգամներ մտած եմ հիւանդանոց ջիղերս ու միտքս հանգստացնելու յոյսով:

– Անհոգ եղէք, պր. Զաւէն. բոլոր ծանրութիւնը ձեր վրայ պիտի չդրուի. ունինք ուրիշ անձ մը, որ եկած է Իտալիայէն. կը կարծենք, որ եթէ մէկ տարի փորձաշրջան ընէ ձեզի հետ, յաջորդ տարի կրնայ առանձինը դասաւանդել: Արդէն տարիներ ուսանած է Իտալիոյ արուեստի համալսարաններէն մէկուն մէջ: Պարզապէս ձեր այս աշխատելաոճին է, որ կ՛ուզենք` ծանօթանայ եւ վարժուի: Ամբողջ մեր խնդրանքը մէկ տարուան համար է, ոչ աւելի: Հաւատացէք, որ մեծ ծառայութիւն մը ըրած կ՛ըլլաք մեր համալսարանին: Եթէ կ՛ուզէք, ինքնաշարժ մըն ալ կը տրամադրենք:

Ես իրենց վիճակը լաւ կը հասկնայի եւ Նայիմէն արդէն տեղեակ էի, թէ որքա՛ն կարեւոր տեղ գրաւած էր իմ ստեղծագործութիւնս ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ: Նայիմ նախապէս ըսած էր ուրախութեամբ, որ այդ ոճը կը նոթագրուէր ճարտարապետութեան ծրագիրներուն մէջ:

Զգացի, որ իմ մերժումներս եւ պատճառաբանութիւններս անօգուտ էին: Պիտի շարունակէին պնդել, բայց ես ալ իմ կարգիս «այո» ըսելու ինքնավստահութիւն չունէի: Նայիմ չէր համարձակեր պնդել, որովհետեւ կը յիշէր այն օրերը, երբ բազմաթիւ անգամներ հիւանդանոց այցելած է ծաղկեփունջով, եւ ես չէի ուզած ընդունիլ շատ կարեւոր եւ անբացատրելի հոգեվիճակներուս պատճառով: Վերջապէս ըսի.

– Քանի մը օրէն կը հեռախօսեմ Նայիմին:

– Կը յուսանք, որ «այո» ըլլայ ձեր պատասխանը:

Սպասողական վիճակով մեկնեցան քովէս:

Հաշիւ ըրի, որ եթէ Քասլիք ալ դասաւանդեմ, ժամերուս թիւը պիտի հասնէր ճիշդ 29-ի: Յուսահատական էր վիճակս: Մարմինս եւ հոգեվիճակս «ոչ» կ՛ըսէին կանխիկ:

Երկու օր ետք Նայիմ հեռաձայնեց:

Ութսուն ուսանողներով ընդարձակ լսարան մըն էր նախապատրաստական առաջին տարին: Ապշած էինք երկուքով: Ութսուն ուսանողի ինչպէ՞ս պիտի հասնէինք մեր սրբագրութիւններուն: Դառնալով Սիմոնին` ըսի.

– Սիմո՛ն, լա՛ւ որ ընկերացար: Մինակս անկարելի պիտի ըլլար:

Ժպտեցաւ: Իր ժպիտով կարծես ըսել կ՛ուզէր.

– Ե՞ս պիտի կարենամ օգնել քեզի:

Սիմոն քովս կանգնած` կը սպասէր կանաչ լոյսին վառելուն:

Սիմոն բարձրահասակ գեղեցիկ երիտասարդ մըն էր, ժպտադէմ, որ առաջին վայրկեանին գրաւեց համակրանքս: Քանի մը խօսակցութենէ ետք դարձայ ուսանողներուն եւ բարձրաձայն (բարձրաձայն կ՛ըսեմ, որովհետեւ ետեւի ուսանողներուն ձայնս հասցնելու միակ միջոցն էր) խօսեցայ` ըսելով, որ առաջին օրը միշտ կը յատկացնեմ փոխադարձ ծանօթութեան, խօսելու ընդհանուր արուեստներու մասին քիչ մը եւ բացատրելու այն դասընթացքը, որ պիտի դասաւանդէինք ես եւ Սիմոնը:

Նախ բացատրեցի, որ բոլոր արուեստներու ներքին կառոյցը եւ պայմանները գրեթէ նոյնն են, իսկ դասական երաժշտութիւնը` բոլորին մայրը: Նկարչութիւնը գոյներու յարաբերականութեամբ դրսեւորուող արուեստն է, քանդակագործութիւնը` ծաւալներու, երաժշտութիւնը` ձայներու, պարը` շարժումներու, առաւել` լոյսերու, գրականութիւնը` բառերու, իսկ ճարտարապետութիւնը` ծաւալներու եւ պարապութեան:

Ճարտարապետութեան մէջ կան նաեւ երկու կարեւոր ազդակներ` գործնականը եւ գեղագիտականը: Մեր դասերը կը ներառեն քանդակագործութիւնը:

Քանդակագործութիւնը անբնակելի ճարտարարուեստ մըն է, իսկ ճարտարարուեստն ալ իր կարգին պէտք է որ ըլլայ բնակելի քանդակագործութիւն մը: Կարեւոր երեւոյթը այն պէտք է ըլլայ, որ մէկը չխանգարէ միւսը, եւ պէտք է գիտնանք մէկը միւսին զոհելու չափանիշը: Այսինքն պէտք չէ ըլլայ այնքան գեղագիտական, որ մարդ արարածը ներսը ապրելու անհանգստութիւնը ունենայ, կամ` հակառակը, ներսը ապրի հանգիստ, իսկ դուրսէն ունենայ անհաճոյ տեսք:

Պէտք է ճարտարապետական գործ մը անցորդը կեցնէ իր նայուածքովը, ինչպէս` արուեստով քանդակուած քանդակ մը:

Ուրեմն դուք մեզի հետ պիտի օգտագործէք խցաններու առաձգականութիւնը` անոնց տալով էսթեթիք ֆորմեր, առանց կաշկանդելու ներքին fonction-ը, եւ երբ տիրանաք բիւրեղ էսթեթիք ֆորմերու կառուցման, որ կարելի է միայն անկաշկանդ կերպով ստեղծել, այդ ժամանակ միայն կը միացնէք գործնական ճարտարարուեստին, որ ձեզի պիտի դասաւանդէ ճարտարապետ փրոֆեսէօրը եւ այն ժամանակ է, որ պիտի ունենաք արուեստով կառուցուած ճարտարապետական գործ մը:

Վստահաբար ըսածներէս շատ բան չհասկցաք. բնական է, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնաք ըսածներս եւ հասկնալով` պիտի գործադրէք այս կարեւոր տեսութիւնը, որ ինքս տարիներու ընթացքին հասած եմ այս համոզումին: Եկէք` հիմա ցոյց տամ հին ուսանողներու գործերուն ալպոմը, որ տարիներու ընթացքին կազմած եմ: Հաւանական է, որ աւելի հասկնալի ըլլայ բոլորիդ:

Ուրեմն կ՛ընդօրինակէք այն, ինչ որ գրատախտակին վրայ գծած ու գրած եմ եւ յաջորդ դասին կը բերէք ձեզի հետ շերտուած խցանները եւ կը սկսինք աշխատանքի:

Սիմոնն ալ մտիկ կ՛ընէր միւսներուն նման: Իրեն համար ալ բնականաբար նորութիւն մըն էր, բայց ինք իր իտալական ուսումովը ըմբռնեց ըսածներուս իմաստը եւ դառնալով ինծի` ըսաւ զարմացած.

– Գիտէ՞ք, Իտալիա նման աշխատելաոճի մը մասին երբեք չեմ լսած: Շատ հետաքրքրական կը գտնեմ ձեր այս սիսթեմը եւ նոյնիսկ` յեղաշրջական:

Շատ շուտով մտերմացանք: Բնականէն շատ աւելի արագ ստեղծուեցաւ մեր մտերմութիւնը:

– Ես ինքնաշարժ չունիմ տակաւին,- ըսաւ Սիմոն:

– Ճամբուս վրայ ես կը հասցնեմ քեզ. միայն ճամբան ցոյց տուր,- ըսի իրեն:

Եւ այսպէս, քանի դասընթացք ետք Սիմոն սկսաւ օգնել ինծի եւ այդ ութսուն ուսանողներու գործերուն սրբագրութեան բեռը սկսաւ հետզհետէ թեթեւնալ վրայէս:

Օր մը, կէս կատակ, Սիմոնին ըսի.

Ասիկա լսարան չէ, «սիւփերմարքեթ» է աւելի:

Պր. Խուրի յաճախ կ՛այցելէր այդ հսկայ լսարանը եւ գոհունակութեամբ կը վերադառնար իր գրասենեակը: Հեռուէն կ՛իմանայի, որ հայր Մուաննեսը` տնօրէնը, նուազ գոհ չէր պր. Խուրիէն:

Օր ըստ օրէ իմ եւ Սիմոնին մտերմութիւնը կ՛աւելնար: Օր մըն ալ ծնողքին տունը հրաւիրեց զիս: Այս երեւոյթը յաճախ կը կրկնուէր հետս` ուսանողուհիներուս կողմէ, երբ աւելի երիտասարդ էի:

Համեստ կահաւորումով տան մը մէջ կ՛ապրէր Սիմոն իր ծնողքին հետ:

Օր մը, երբ համալսարանէն կը վերադառնայինք, իրենց տան առջեւ, բաժնուելէ առաջ սովորական խօսքեր կը փոխանակէինք, դէմքը փոխուեցաւ: Սիմոնին ժպիտը լայնցաւ բերնին վրայ եւ երջանկութեամբ ըսաւ ինծի.

– Զաւէն, տակաւին ծնողքիս չեմ ըսած… որ սիրահարած եմ Նուչային: Շատ գեղեցիկ իտալուհի մըն է: Դասընկերներ էինք: Որոշած ենք ամուսնանալ: Բայց ինք չէր գիտեր նիւթական վիճակս: Իրեն ըսի` վերադառնամ Լիբանան, յստակ եկամուտի աղբիւր ապահովեմ, վերջը կ՛ամուսնանանք:

– Յօժարեցա՞ւ,- հարցուցի:

– Անշո՛ւշտ,- պատասխանեց ինքնավստահ:

– Քանի՞ տարեկան է Նուչան,- հարցուցի:

– Քսանութ,- պատասխանեց:- Ինձմէ երկու տարիով փոքր է:

– Իտէալական տարիքի մէջ էք ամուսնանալու համար,- պատասխանեցի:

– Այս ամառ քանի մը շաբաթով պիտի երթամ քովը: Չեմ կրնար երկար սպասել: Միշտ կը նամակցինք:

– Ի՞նչ լեզուով:

– Ինք իտալերէն կը գրէ ֆրանսերէնի խառնուրդով, ես ալ ֆրանսերէն կը գրեմ` իտալերէնի խառնուրդով:

– Հրաշալի տիալոկ,- պատասխանեցի եւ չարաճճիութեամբ մըն ալ հարցուցի.- երբ միասին էք, ձեր խօսակցութեան մէջ կը խառնէ՞ք միջազգային լեզուն, որ հասկնալի է բոլորին համար:

– Խնդաց: Այդ լեզուն գործածելու համար է, որ պիտի երթամ Իտալիա:

Յաջորդ տարեշրջանն ալ շարունակեցի դասաւանդել Սիմոնին հետ… Կատարեալ բարեկամներ դարձած էինք այլեւս եւ մեր խօսակցութիւններուն սանձ դնելու պահանջը գրեթէ անհետացած էր:

Երրորդ տարեշրջանը սկսելու քանի մը շաբաթ կար, երբ հեռաձայնը հնչեց: Սիմոնն էր: Կը կանչէր զիս Քասլիքի համալսարանը` ըսելով, որ շատ կարեւոր խնդիր մը ունէր, որ միայն ես կրնայի լուծել: Ես դադրած էի այդ համալսարանին մէջ դասաւանդելէ: Մէկի տեղ երկու տարի յարգած էի խոստումս: Սակայն Սիմոնին հարցը ի՞նչ կրնար ըլլալ, որ միայն ես կրնայի լուծել: Ժամադրուեցանք համալսարանին սրճարանը: Հետաքրքիր եւ մտահոգ էի: Արդէն որոշած էի ամէն գնով փորձել լուծել իր այդ անծանօթ խնդիրը:

Սիմոն կ՛աղաչէր, աւելի քան կը խօսէր, ըսելով` վստահ եմ, որ պիտի կարգադրես այս հարցը: Քեզի դիմեցի, որովհետեւ վստահ եմ, որ քեզմէ զատ ոեւէ մէկը պիտի չկրնար օգնել ինծի. կեանքիս ամենակարեւոր հանգրուանին մէջ կը գտնուիմ: «Այո»-իդ պարագային, ամենաերջանիկ մարդը պիտի ըլլամ, իսկ «ոչ»-իդ` դժբախտագոյնը:

Չէր խօսեր նիւթին մասին, միայն կը ճգնէր, որ ըսելիքին «այո» ըսէի, եւ եթէ «այո» ըսէի իր երջանկութեան դուռը` դրախտի դուռը պիտի բացուէր: Վայրկեան մը ես ալ վախցայ իմ «այո»-իս այդքան կարեւորութենէն եւ կ՛աշխատէի ուշացնել իր հարցումը: Վախս կը յաղթահարէր հետաքրքրութիւնս:

Թեթեւ վախով մը Սիմոնին ըսի.

– Սիմո՛ն, կը խոստանամ անպայման օգնել քեզ:

– Անպայմա՞ն:

– Հարցումդ ուղղելու ձեւին չափ զօրաւո՞ր է ըսելիքդ:

– Այս եկող ամրան Նուչան Լիբանան պիտի գայ:

Կեցայ:

– Է՜, այս մէկը լաւ լուր մըն է: Ինչո՞ւ այսքան ժամանակ դրիր:

Սառած` ինծի կը նայէր. չէր համարձակեր շարունակել:

– Վերջը՞, Սիմո՛ն:

– Նայէ՛, Զաւէ՛ն, ես փոքր գումար մը դրած եմ մէկդի. բայց ատիկա ոչինչ կը ներկայացնէ ինքնաշարժ մը գնելու համար: Այս ամրան սկիզբը ինքնաշարժ մը պէտք է, որ գնեմ. Նուչան Լիբանան պիտի գայ, զինք պէտք է պտտցնեմ մեր Լիբանանը, տեսնէ, սիրէ մեր երկիրը, համոզուի, որ Լիբանան ապրի եւ ոչ թէ միայն Իտալիա:

Պահ մը զարմացայ, թէ այս բոլորը ինչո՞ւ ինծի է, որ կը պատմէր: Կը սպասէր, որ ինքնաշա՞րժ մը առնէի իրեն: Չեմ կարծեր` կ՛ըսէի ես ինծի: Ես ո՛չ հայրն եմ եւ ո՛չ ալ հօրեղբայրը: Ի՞նչ կը սպասէր ինձմէ:

– Հայր Մուաննեսը մեծ համարում ունի վրադ. ինչ որ ըսես, վստահ եմ, որ պիտի հաւատայ եւ ոչ պիտի չըսէ քեզի:

– Ի՞նչ պիտի ըսեմ հայր Մուաննեսին, որ հաւատար.- հարցուցի զարմացած:

– Նայէ՛,- ըսաւ հանդարտութեամբ, քու մեկնելէդ ետք կանչուած է գերմանացի մը, որ Լիբանան կ՛ապրի, որպէսզի քու պարապ ձգած ժամերդ ինք ստանձնէ:

– Ալֆո՞նսը:

– Ինչէ՞ն գիտցար:

– Բաւական մօտէն կը ճանչնամ զինք: Անցեալ տարի շատ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը տուաւ պաստառներու եւ քանդակներու: Իրապէս հիացայ իր երեւակայութեան վրայ: Շատ տաղանդաւոր արուեստագէտ մըն է եւ` ազնիւ հոգի մը: Բայց մէկն է, որ ինքզինք ծախել չի գիտեր, քիչ մըն ալ տարօրինակ է: Ճիշդ է որ բոլոր արուեստագէտները քիչ մը տարօրինակ կ՛ըլլան, բայց այս մէկը քիչ մը շատ տարօրինակ է:

– Ըսէ հայր Մուաննեսին, որ Ալֆոնսը կարծուածին չափ կարող չէ դասաւանդելու այդ մարզը եւ ըսէ, որ կը նախընտրես Սիմոնը, որ երկու տարուան փորձառութիւն ունի եւ աւելի արդիւնաբեր կ՛ըլլայ համալսարանին համար: Եթէ յաջողիս համոզել, եկամուտս կը կրկնապատկուի եւ դիւրութեամբ կրնամ ինքնաշարժ մը գնել եւ Նուչան եկող ամրան պտտցնել Լիբանանը: Ինձմով հմայուած է, բայց կարեւոր է երկիրն ալ, ուր պիտի ապրինք ամուսնութենէն ետք:

Ա՛ռ քեզի, Զաւէ՛ն, եկուր` տակէն ե՛լ, ըսի մտքէս: Մինչ Սիմոն բերնէս կախուած` կը սպասէր մէկ բառի, «այո»-ի: Կեանքիս մէջ երբեք նմանօրինակ հարցի մը առջեւ չէի դրուած, հարց մը, որ բոլորովին կը հակասէր նկարագրիս: Կեանքիս ամէնէն չսիրած բանս այն էր, որ մէկը երբ կը փորձէ համոզել ուրիշը, երբ ինք չէ համոզուած: Կ՛ատէի նման մարդիկ: Տարօրինակ անհանգստութիւն մը կը չարչարէր զիս, ո՛ւր մնաց, որ ես ըլլայի այդ մարդը: Շէյքսփիրի «Ըլլալ կամ չըլլալ»-ը շատ տկար գտայ ինծի համար եւ մատնուեցայ համլեթեան դժուար հոգեվիճակին:

Սիմոն, Նուչա, ամուսնութիւն, երջանկութիւն, բարեկամութիւն, միւս կողմը` յստակ, գիտակից դաւաճանութիւն: Նման հոգեվիճակներու մէջ գտնուած եմ յաճախ, երբ կրթական նախարարութեան մրցանքներու դատական կազմի մասնակցութիւնս բերած եմ եւ փորձած են կաշկանդել զիս: Մէկ վայրկեան իսկ չեմ տատամսած «ոչ» ըսելու: Բայց այս մէկը տարբեր էր միւսներէն: Կշիռքին մէկ կողմը կար երջանկութիւնը, իսկ միւս կողմը` դժբախտութիւնը:

– Ի՞նչ ըսիր, Զաւէ՛ն, չես պատասխաներ:

Մանուկի մը վերածուած էր Սիմոն, կը սպասէր պատասխանիս, որ կ՛ուշանար:

Ես ալ չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս`

– Լա՛ւ,- պատասխանեցի:

Յանկարծ ոտքի ելլելով` թեքեցաւ վրաս ու աղմուկոտ համբոյրով մը համբուրեց զիս:

– Կեցի՛ր, ըսի,- համբոյրով եւ «այո»-ով մը չի վերջանար Նուչայիդ խնդիրը: Նայինք հայրը ինչ պիտի պատասխանէ:

– Հայրը մեծ համարում ունի վրադ, եւ դուն ալ լաւ խօսիլ գիտես մարդոց հետ: Վստահ եմ, որ խնդիրը կարգադրուած է արդէն:

– Սպասէ Սիմո՛ն, ես տնօրէնին գրասենեակը ելլեմ, քառորդ ժամէն կը վերադառնամ: Սպասէ՛:

– Սպասեմ քառորդ ժա՞մ: Մինչեւ առտու ալ կը սպասեմ:

Կը բարձրանայի սանդուխներէն վեր եւ ըսելիքս կը կրկնէի մտքիս մէջ:

– Օ՜օ, այս ի՜նչ գեղեցիկ անակնկալ: Կը կարծէի, որ այլեւս մոռցած ես մեզ: Կը տեսնեմ, որ սխալեր եմ.- ըսաւ հայր Մուսաննեսը:

Հեռախօսով առանց շաքարի սուրճ մը ապսպրեց:

– Հա՛յր,- ըսի հանդարտութեամբ,- եկած եմ ձեզի օգնելու փորձ մը ընելու:

– Այս տարի՞ ալ կ՛ուզես դասաւանդել:

– Ո՛չ, մէկ տարուան փոխարէն` երկու տարի դասաւանդեցի արդէն, եւ Սիմոնը, պէտք է խոստովանիմ, ամբողջութեամբ տիրապետած է իմ ստեղծած մեթոտի դասաւանդութեան: Իմացայ, որ իմ պարապ ձգած տեղս Ալֆոնսով ուզած էք լեցնել: Այդ գերմանացի երիտասարդը շատ մօտէն կը ճանչնամ, արժէքաւոր արուեստագէտ մըն է, բայց…

– Բայց ի՞նչ,- հարցուց մեծ հետաքրքրութեամբ:

– Ալֆոնսը իմ մեթոտիս ծանօթ չէ: Գուցէ ուրիշ ձեւերով փորձէ դասաւանդել, որուն արդիւնքէն վերապահ եմ: Այսօր Լիբանանի չորս արուեստի համալսարանները որդեգրած են այդ մեթոտը աւելի քան քսան տարիներէ ի վեր:

– Այսինքն ըսել կ՛ուզէք` ճամբո՞ւ դնենք Ալֆոնսը:

– Այդ մէկը դուք է, որ պիտի որոշէք: Ինծի կը մնայ միայն ձեզի թելադրել:

– Ուրեմն, ըստ ձեզի, բոլոր ժամերը Սիմոնին յատկացնենք:

– Այդպէս համոզուած եմ ես:

Վայրկեան մը իսկ չտատամսեցաւ: Վերցուց հեռախօսը եւ կանչեց պրն. Խուրին, որ ընդհանուր քարտուղարն էր արուեստի բաժնին:

– Պրն. Զաւէնը վերապահ է Ալֆոնսին հանդէպ եւ ինչ որ կ՛ըսէ, շատ տրամաբանական կը գտնեմ: Սիմոնին տուր բոլոր «փլասթիք»-ի ժամերը:

Սիմոն ոտքի, սրճարանին ցուցափեղկէն, անհամբեր դուրս կը նայէր` ինծի սպասելով: Աջ ձեռքիս բութամատը վեր պրկեցի ուժգնութեամբ: Սիմոն սառեցաւ, չէր հաւատար տեսածին, եւ երբ ներս մտայ, փաթթուեցաւ մեծ հրճուանքով եւ սկսաւ համբուրել երեսներս խենթի մը պէս: Սրճարանին մէջ գտնուող ուսանողները զարմացած կը նայէին: Նման բան մը չէին տեսած մինչեւ այդ օր: Երկու դասախօսներ գրկուած էին, եւ մէկը անընդհատ կը համբուրէր միւսը:

Քանի մը շաբաթներ ետք, երբ սկսան դասաւանդութիւնները ԱԼՊԱ-ի մէջ, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէի արդէն, ուր եղած էի ուսանողական առաջին տարիներուս: Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը նկատեցի, որ Ալֆոնս, այդ տարի, ինքն ալ կը դասաւանդէր նոյն համալսարանը: Երիտասարդ ուսանողուհիներ կը բացագանչէին` «պրն. Ալֆոնս, պրն. Ալֆո՛նս, վայրկեան մը»: Ալֆոնս զիս նկատելով մօտեցաւ, բարեւեց եւ զարմանքով ըսաւ ինծի.

– Զաւէ՛ն, տարօրինակ բան մը պատահեցաւ ինծի: Քանի մը շաբաթ առաջ Քասլիք համալսարանին հետ համաձայնեցանք, որ դասաւանդեմ իրենց մօտ: Վերամուտին, երբ գացի սկսելու, զարմացայ, զիս ետ ղրկեցին: Այսպիսի բան կ՛ըլլա՞յ: Ի՜նչ տարօրինակ մարդիկ են եղեր, չէի գիտեր եւ չգիտցայ պատճառը: Յստակ «այո»-էն ետք, աւելի յստակ «ոչ»-ին պատճառը: Դուն ի՞նչ կը կարծես:

– Ե՞ս ինչ կը կարծեմ…

Տարեշրջանը թաւալեցաւ: Ամրան տաքերը սկսած էին: Աշխատանոցիս մէջ նոր քանդակ մը կը ձեւակերպէի, երբ հեռաձայնս հնչեց.

– Ալօ՛, Զաւէ՛ն, Նայիմն եմ, լա՞ւ ես:

– Լաւ եմ ես, դո՞ւն ինչպէս ես: Շատոնց է, որ ձայնդ չէր ելլեր:

– Երանի՜ դարձեալ չելլեր.- ըսաւ մտահոգիչ շեշտով մը:

– Ինչո՞ւ, «խէյր» ըլլայ, բա՞ն մը ունիս:

– Սիմոնը…

– Սիմո՞նը.- միայն Սիմոնին անունը տալը խռովեց զիս:

Հեռախօսները գոցուեցան: Տրամադրութիւնս կառափնատով մը կտրուեցաւ յանկարծ:

Սիմոն վերջապէս կրցած էր ունենալ երազած ինքնաշարժը` իր երազած Նուչային համար եւ Ճիւնիի մայրուղիի բացերը բոլորիս անծանօթ պատճառով մը հսկայական ոստումով մը կ՛իյնայ միւս կողմը: Հսկայ բեռնատար մը կ՛անցնի Սիմոնի ինքնաշարժին վրայէն: Ինքնաշարժ, Սիմոն, երազ կը խառնուին իրարու: Մեծ դժուարութեամբ Սիմոնի մարմինը կը յաջողին դուրս քաշել երկաթեայ լաբիւրինթոսէն եւ տակաւին մինչեւ այսօր, երբ Սիմոնը յիշեմ, նոյն Սիմոնն է, որ կը տեսնեմ. գեղեցիկ, բարձրահասակ, որ կը կրկնէ նոյն բանը` մանկական ժպիտով մը.

– Դո՛ւն, Զաւէ՛ն, միայն դո՛ւն կրնաս գովել զիս:

Եւ ես հարց կու տամ ինծի եւ ընթերցողներուն, որ`

– Ե՞ս սպաննեցի Սիմոնը…

***

Տարօրինակ զուգադիպութիւն…

Ամիս մը ետք նստած էինք «Հորս Շու» սրճարանը` քանի մը գեղանկարիչներ ու քանդակագործներ, երբ ներս կը մտնէ Մունիր, դէմքը այլայլած, մինչ մենք կը վիճէինք մեծ նկարիչի մը մասին խօսելով: Մունիր մօտեցաւ, սակայն տեղ չգրաւեց սովորականին պէս:

– Ի՞նչ ունիս, Մունի՛ր,- խզեց մէկը անսովոր լռութիւնը:

– Ալֆոնսը… Լսեցի՞ք…

Ալֆոնս հազիւ ամիս մը անցած Սիմոնի եղերական մահէն, գացած էր Գերմանիա, իր գիւղաքաղաքը, ծնողներուն մօտ, ծրագրուած միտումով մը:

Գիշեր մը անձայն հեռացած է հօրենական տունէն եւ ուղղուած շոգեկառքի երկաթուղին: Խաւարին մէջ երկարած էր իր ամբողջ հասակովը երկաթուղիին վրայ: Շոգեկառքի բազմաթիւ վակոններ իրենց շարքով անցած են Ալֆոնսի վրայէն:

Զանազան մեկնաբանութիւններ եղան իր անձնասպանութեան մասին: Ընտանիքը, կինը…

Բայց այս բոլորէն վեր կը մնար մէկ երեւոյթ, որ աւելի համոզիչ էր: Ալֆոնս յաճախ կ՛այցելէր «Տէյր Սալիպ»` շրջան մը հանգստանալու համար: «Տէյր Սալիպ» երթալու հարցը լուծուած էր եւ իմ բարոյական  պարտքս փակուած` վերջնականապէս:

Share this Article
CATEGORIES