Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիական Տագնապի Անխօս Զոհերը

Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն հետ, երկիր թափանցած օտարերկրացի ծայրայեղականներու թիրախը դարձաւ նաեւ սուրիական հայրենիքի մշակութային ժառանգութիւնը:

Մարտերու ընթացքին ոչ միայն անխնայ քանդուեցան հնագիտական կառոյցներ եւ վայրեր, այլեւ զինեալներու գրաւած տարածքներուն մէջ, յանցագործներու կողմէ տեղի ունեցան հնագիտական ապօրինի պեղումներ, թալանուեցան պատմամշակութային արժէք ներկայացնող թանկարժէք իրեր:

Սուրիոյ մէջ հնագիտական հետազօտողներու վկայութեամբ, տագնապի ծնունդէն մինչեւ օրս ամբողջութեամբ քանդուած կամ մասամբ վնասուած են շուրջ 420 հնագիտական վայրեր եւ կառոյցներ, որոնց շարքին նաեւ` մզկիթներ եւ եկեղեցիներ, յատկապէս` Հալէպի մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի օգնական Ֆրանչեսքօ Պանտարենայի իսկ հաստատումով, Սուրիոյ մէջ անօրինական հնագիտական պեղումներ ընթացած են մասնաւորաբար Մարի, Էպլա, Փալմիրա եւ Աֆամիա հնագոյն քաղաքներուն մէջ, իսկ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած զարդերն ու այլ հնագիտական արժէք ներկայացնող իրերը մաքսանենգ ճանապարհով դուրս բերուած են Սուրիայէն եւ վաճառուած` այլ երկիրներու կամ միջազգային շուկաներու մէջ:

Տեղին է նշել, որ նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկած էր սուրիական վեց յուշարձան` զանոնք ոչնչացման վտանգի ենթակայ համարելով: Այդ ցանկին մէջ յայտնուած էին Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պուսրայի հին քաղաքները, Փալմիրայի հնագիտական յուշարձանները, Քրաք տէ Շեւալիէ եւ Քալաաթ Սալահէտտին ամրոցները: Վերոնշեալ երկու ամրոցները կը հանդիսանան Մերձաւոր Արեւելքի ճարտարապետական մշակոյթի լաւագոյն կոթողները:

Այստեղ հետեւեալ հարցը կը ծագի. ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու ջատագովներ ըլլալու յաւակնոտութիւնը ունեցող շարք մը երկիրներ, վարչակարգ փոխելո՞ւ, ժողովրդավարութիւն հաստատելո՞ւ, թէ՞ քաղաքակրթութիւններու այս օրրանը քանդելու միտումով կը քաջալերեն նման խուլիկաններու հոսքը դէպի Սուրիա:

Հնագիտական վայրեր պայթեցնելով, պատմամշակութային կառոյցներ քանդելով` ինչպիսի՞ պայքար կը մղեն զինեալ ծայրայեղականներ… Ի՞նչ բան փրկելու եւ ժողովրդավարական ինչպիսի՞ կարգեր հաստատելու համար…

Ակնյայտ է, որ նման յանցագործներու դէպի Սուրիա հոսքը խրախուսելով` շարք մը երկիրներ կը ձգտին ոչ միայն սպառնալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու անոր ընկերային հիւսուածքի քայքայման, այլեւ` երկրի պատմամշակութային դիմագիծի աղաւաղման:

Սուրիոյ տագնապի անխօս զոհերը. այսպէս կը բնութագրուին այսօր վտանգի ենթակայ հնագիտական կառոյցներն ու վայրերը, որոնց հանրագումարը քաղաքակրթութիւններու օրրան հանդիսացող սուրիական հայրենիքի

պատմական հարուստ դիմագիծը կը կազմէ:

Այս դիմագիծին կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն նաեւ հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող հայկական շարք մը կառոյցներ, ինչպէս` Ս. Աննա ուխտավայր մատուռը (Եագուպիէ, 1380թ.), Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին (Հալէպ, 1476 թ.) եւ այլն:

Լրջագոյն վտանգ կը սպառնայ այսօր Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան, անյետաձգելի հրամայական է մշակութային այս ժառանգութեան պահպանման միտող քարոզչական աշխատանքներու ծաւալումն ու յանցագործներու դատապարտումը` փրկելու համար Սուրիոյ պատմամշակութային դիմագիծն ու անոր հնագիտական արժէքները:

Share this Article
CATEGORIES