Միջին Արեւելքն Ու Հայկական Գաղութները Նիւթով Զրոյց

2106zrouytsՇաբաթ, 21 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքն ու հայկական գաղութները» նիւթով զրոյց մը, մասնակցութեամբ` Յակոբ Գառնեշեանի, Գէորգ Յակոբճեանի եւ Խաչիկ Խաչերեանի: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, այն հարցին, որ «Արաբական գարուն»-ը ինքնե՞կ էր, թէ՞ կանխամտածուած: Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանին մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ հայկական գաղութներուն իրավիճակին, զրոյցը հանդիսացաւ նաեւ առիթ մը` ծանօթանալու նշեալ հարցերուն վերաբերեալ երիտասարդութեան տեսակէտներուն:

Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES