Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հինգշաբթի, 26 յունիսին Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ֆիզիքական իր ապահովութեան մասին պէտք է մտահոգուի Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մեղսակցած զինուորական ճակատներու պատասխանատուներէն:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Հըզպալլա ճիշդ որոշում տուած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն դիմադրելու առումով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ահաբեկչական արարքներուն Լիբանան վերադարձը կ՛ենթադրէ անյապաղ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էտկար Մաալուֆ յայտնեց, որ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ժորժ Քարաայի դէմ արշաւը կը միտի Լիբանանի ապահովական հաստատութիւնները տկարացնել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր այցելեց Տահր էլ Պայտարի պայթումին վայրը, ուր յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նեցուկ կանգնին: Ան նշեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը պաշտպանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրաքի կացութեան վատթարացումէն ետք, Լիբանանի մէջ գտնուող իսլամական բջիջները առիթ տուած են հիւսիսային Լիբանանի մէջ Իսլամական էմիրութիւն մը հիմնելու երազը վերակենդանացնելու:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Եաում» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն չկայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց ամերիկացի բոլոր քաղաքացիներուն խուսափելու Լիբանան այցելութենէ:

ՍԷՅԻՏ Ֆատլալլայի գրասենեակը յայտարարեց, որ շաբաթ, 28 յունիս 2014-ը ռամատանի առաջին օրն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Հըզպալլայի ահաբեկչութիւնը դուռ կը բանայ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութեան` աւելցնելով, որ անոնք նոյն դրամին երկու երեսները կը նկատուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար, երեսփոխան Թալալ Մերեհպի դրուատեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը եւ կոչ ուղղեց արգիլելու լիբանանեան ընկերութեան մէջ սադրանքներու գոյութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքները եւ վերջ տալու երկրին հաստատութիւնները խանգարելու քաղաքականութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ ընդգծեց կառավարութեան աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ժուզու յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուր Մալիքիի անարդարութիւնն ու անիրաւութիւնը աւելի հզօր են, քան ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութիւնը, եւ եթէ ան չփոխուի, ժողովուրդը յաւելեալ յեղափոխութիւններու պիտի դիմէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ ողջունեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` աւելցնելով, որ միասնականութիւնը անհրաժեշտ է եւ խիստ կարիք` ամրապնդելու համար ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները ազգային լուրջ համաձայնութեան եւ շրջանային միջամտութեան կարիքը ունին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ ազգային միասնականութիւնը հաւատադրժողական առարկաներու դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցն է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմին յայտնեց, որ Սուրիա ինքզինք պաշտպանող երկիր մը ըլլալէ բացի, վերածուած է ահաբեկչութիւնը դարմանող երկրի մը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք լուրջ մտահոգութիւններ եւ գէշ տպաւորութիւններ ունին, որ նախագահական ընտրութիւնը կրնայ մօտիկ ապագային տեղի չունենալ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով իրենք տակաւին յստակ որոշումի մը չեն յանգած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄեւբարգաւաճումերեսփոխանականպլոքիանդամՄիշելՄուսաընդգծեցնախագահականընտրութիւնկատարելուանհրաժեշտութիւնըեւշեշտեց, որխորհրդարանինախագահՆեպիհՊըրրիհամաձայնչէՅաւելուածարժէքիտուրքիբարձրացումին:

Share this Article
CATEGORIES