Քասիաս Եւ Ռէալ Մատրիտ Համաձայնեցան
Ռէալ Մատրիտ եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 32 տարեկան բերդապահ Իքեր Քասիաս նախորդ շաբաթավերջին համաձայնեցան իրարու հետ:
Անոր պայմանագրութիւնը սկզբունքով կ՛աւարտի 2017-ին: Ան ակումբին պատասխանատուներուն յայտնեց, որ կ՛ուզէ հեռանալ իր կազմէն:
Սակայն երկու կողմերը համաձայնութեան գալով իրարու հետ որոշեցին, որ ան տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ իր կազմին հետ եւ 2015-ի ամրան պիտի հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն իբրեւ ազատ մարզիկ` նկատի ունենալով, որ այդ մնացեալ երկու տարիները չեղեալ պիտի նկատուին:
CATEGORIES Մարզական

