Արեւմտահայերէնը Վտանգուած Չէ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Արեւմտահայերէնի «կեանքով» մտահոգուողները  բազմացած են, որովհետեւ յարգարժան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յայտարարած է լուրը: Անմիջապէս ենթարկուեցան միջազգային այս գերադաս մարմինէն լսուած տեղեկութեան` առանց անդրադառնալու եւ պահիկ մը մտածելու, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լրատու-տեղեկութիւնները որքանով ծանօթ են մեր ոսկեղնիկին, արեւմտահայ գրականութեան անցեալին ու ներկային, ապա` մտահոգութիւն կը յայտնեն այս չքնաղ մեսրոպաւանդ լեզուին անկումին մասին:

Կը թուի, թէ արեւմտահայերէնին գեղեցկութեան, հարազատութեան, աւանդնապահութեան նախաձեռնողներ եղած են, եւ այդպիսիք լեցուցած են ականջը յարգարժան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Հարց մը կայ այստեղ, որուն մասին կ՛արժէ քիչ մը խոկալ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդեօք արեւելահայերէնը վտանգուա՞ծ չէ…

Այս հարցումին պէտք է պատասխանէ ինքը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, քանի որ Հայաստանի բնակչութեան կէսէն աւելի գաղթած են Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ, նաեւ` Եւրոպայի բոլոր երկիրները, Սպանիայէն, մինչեւ Հոլանտա, նաեւ` Դանիա, Գերմանիա, եւ մինչեւ Հարաւային Ամերիկաները: Ռուսիոյ հայերը արդէն, «գոց գիտեն» ռուսերէնը եւ կը դժկամակին հայերէն խօսելու, ո՛չ արեւելահայերէնը եւ ո՛չ ալ հայաստանեան գիւղերէն ներածուած գաւառաբարբառները: Ոչ միայն արեւելահայերէնը վտանգուած է աշխարհագրական յիշեալ վայրերուն մէջ, այլ հետզհետէ հայութիւնը կը հալի: Այս կը նշանակէ, որ հայը աւելի վտանգուած է իր հայ` լեզուով եւ բարքերով, կենցաղով եւ աւանդութիւններով: Լեզուէն առաջ լեզուն խօսելու պարտաւոր հայն է վտանգուածը:

Ինչ կը վերաբերի արեւմահայերէնին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն պէտք է գիտնայ, թէ յետ Եղեռնի սփիւռքի մէջ պահուեցաւ, ծաղկեցաւ եւ փառաւորուեցաւ արեւմտահայերէնը: Սփիւռքի տարածքին հայը կառուցեց եկեղեցի, վանքեր ու դպրոցներ, մինչ Հայաստան 70 տարիներ շարունակ մնաց խորհրդային տառապանքին ենթակայ, մոռցած` ժամ ու դպրոց,  աղօթք եւ ազգային հպարտութիւն: Սիպերիան եղաւ տանջարան: Հայրենի բանաստեղծները, գրագէտները, պատմաբանները, արուեստի վարպետները ջանացին բարձր պահել արեւելահայերէնը, բայց յետխորհրդային ամբողջատիրական իշխանութեան անկումին, ցանուած սերմերը հետզհետէ կը նուազին: Արդեօք Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահագներու, եւրոպական ոստաններու մէջ ծուարած հայը պիտի կարենա՞յ իր մայրենին պահել: Հայը ուր որ երթայ, կը ստիպուի իւրացնելու զինք պատսպարած երկրին լեզուն` փոքր բաժին մը վերապահելով մայրենիին, այդ ալ` գաւառաբարբառային ճանաչողութեամբ:

Սփիւռքի գոյավիճակը վտանգուեցաւ վերջին տասնամեակին, Իրաքէն մինչեւ Եգիպտոս եւ Սուրիա, ինչո՞ւ ոչ` նաե՛ւ Լիբանան:

Սփիւռքի հայութիւնը իր լեզուն պահեց շնորհիւ իր կառուցած դպրոցներուն: Հայաստանի մեր գրագէտները գրեցին արեւելահայերէնով եւ կրցան պահել գրական հայերէնը, բայց` միշտ տուրք տալով ռուսերէնին: 70 տարիներ Հայաստանի պաշտօնական լեզուն ռուսերէնն էր, այս լեզուն կը գերադասուէր իբրեւ վերին խաւի դասակարգային լեզու` որակ եւ քաղաքականութիւն բացայայտող:

Եթէ բաղդատական մը կատարենք սփիւռքահայ եւ հայրենի երեխաներուն եւ աշակերտներուն միջեւ, Հայաստանեայց եկեղեցին առաջնորդած է սփիւռքի երեխաները, մանուկները, սորված են աղօթքներ, շարականներ` անուղղակիօրէն գրաբար լեզուին հետ ծանօթանալով: Տակաւին երէկ (մայիս 20, 2014), Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն կը հեռասփռուէր Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ արարողութիւն մը, ուր քահանան կը խօսէր կիրակնօրեայ վարժարանի մը մասին, զոր նոր բացած են կարծես: Քահանան կ՛ըսէր. «Տէրունական աղօթքն իսկ չեն գիտեր աշակերտները»:

Սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ գիտեն «Տէրունական աղօթք» «Հայր մեր»-ը, «Առաւօտ լուսոյ» կ՛երգեն ամէն առաւօտ, ունինք կիրակնօրեայ վարժարաններ: Արեւմտահայերէնով եւ գրաբարով ուսուցուած աղօթքներով ու շարականներով, սուրբ գրային գիտելիքներն ալ արեւմտահայերէնով կը սորվին:

Հայաստանցի ծանօթ անձնաւորութիւններ կան, որոնք կ՛ըսեն. «Մենք ռուսերէնը մեր մայրենի լեզուէն աւելի լաւ գիտենք»…

Լեզուներ գիտնալը հիանալի է, ընդհանուր զարգացում է, բայց այդ գիտութիւնը պէտք չէ վտանգէ մեր մայրենին: Մեզի համար հայոց լեզուն ամէն բանէ վեր է: «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն», ըսած է Մուշեղ Իշխան: Ասիկա լոզունգ չէ, այլ` ապրում, հաւատք եւ հաւատամք:

Եթէ արեւմտահայերէնին վտանգուած ըլլալուն վախը ապրողներ կան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին յայտարարութիւնը բարենաստ պէտք է նկատել եւ ուժ տալ նոր թափով ծաղկեցնելու արեւմտահայերէնը մեր վարժարաններուն մէջ եւ ընտանեկան յարկերուն տակ: Պէտք է լաւ իմանալ, որ եթէ հայոց լեզուն հաւասար է հայոց ազգին: Եթէ սփիւռքահայը վտանգուի իր արեւմտահայերէնով, Հայաստանը ինքն ալ վտանգուած կ՛ըլլայ առանց սփիւռքի:

Ուժ տանք մեր դպրոցներուն, մեր հոգեմտաւոր կեանքին: Հայաստան երգի մրցանքներուն առընթեր հարկ է արեւելահայերէն լեզուն մաքրէ իր աղճատուած «կերպար»-էն: Հայոց լեզուի մրցանքներ պէտք է կատարէ Հայաստան, զանոնք հեռասփռէ պատկերասփիւռէն` իբրեւ «Ասպետներու» նախագիծ կամ յայտագիր:

Անտեղի է ներկայիս արեւմտահայերէնը վտանգուած նկատել, յարգելի ԵՈՒՆԵՍՔՕ:

 

Share this Article
CATEGORIES