Պապեան. «Ցեղասպանութեան Հարցի Լուծումը Կը Գտնուի Իրաւական Դաշտին Մէջ»
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստի ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքին` թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան հայաստանեան panorama կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի քայլը անակնկալ էր թրքական կողմի համար: Այս մասին կը վկայեն մինչեւ իսկ թրքական մամուլի զգացական արձագանգները: «Անակնկալ քայլ` Սերժ Սարգսեանէն», «Հայաստանը անակնկալ մատուցեց Թուրքիոյ» եւ նմանատիպ վերտառութեամբ հրապարակումներու մէջ թրքական մամուլը փաստեց, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մէջ»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պարզորոշ կերպով շեշտեց, որ թուրք ժողովուրդի հանդէպ որեւէ թշնամութիւն չկայ: Փոխարէնը` գոյութիւն ունի խնդիրը լուծելու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան բարոյական հետեւանքներու վերացման ուղղուած ջանքեր գործադրելու ցանկութիւն: Ըստ էութեան, ակնարկուեցաւ, որ թրքական կողմէն եւս նման ցանկութեան գոյութեան ամէնէն վառ ապացոյցը պիտի հանդիսանայ 2015-ի ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնն ու գլուխ խոնարհումը: Ասիկայ Անգարայի կողմէ տասնէակ տարիներ վարուող ժխտողական քաղաքականութենէն հրաժարելու եւ այս ենթահողին վրայ ստեղծուած վարկը փոխելու լաւագոյն հնարաւորութիւնն է», ըսաւ Ա. Իսպիրեան:
Ըստ անոր, նախագահի արտասանած խօսքը «արժանի պատասխան էր» թրքական, այսպէս կոչուած, «նախաձեռնողական» քաղաքականութեան` մասնաւորաբար` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլքսաներեքեան ուղերձին:
«Ցեղասպանութեան հարցին մէջ թրքական արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ ուրացումն ու կեղծիքի տարածումը: Էրտողանի վերջին ուղերձը ցոյց տուաւ, որ անոնք կրնան երթալ անակնկալ քայլերու` միեւնոյն ժամանակ չհեռանալով աւանդական քաղաքական ուղիէն: Կը կարծեմ, որ 2015 թուականի նախօրեակին որեւէ նմանատիպ քայլ անպայման պիտի ըլլայ», ըսած է Ա. Իսպիրեան:
Թրքագէտը սակայն չի կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը որոշում պիտի կայացնէ այցելել Ծիծեռնակաբերդ:
«Թուրքիոյ մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ հասարակական իրավիճակին մէջ դէպքերու նման զարգացում գրեթէ անհաւանական է: Թրքական հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ կտրուկ շրջադարձերու: 80 տարիէ աւելի թրքական վարչակազմը զբաղած է կեղծիքի եւ հակահայկականութեան տարածմամբ եւ ոչ մէկ քաղաքական գործիչ չի կրնար մէկ անգամէն ետ կանգնիլ այդ ուղիէն: Սակայն Էրտողանի ուղերձը որոշակի կերպով կը նախապատրաստէ թրքական հասարակութեան յաջորդ համարձակ քայլը», նշեց Իսպիրեան:
«Մոտիւս վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի կարծիքով, Էրտողանի ուղերձէն ետք հայկական կողմի նմանատիպ քայլը ամբողջովին տրամաբանական էր:
«Գնդակը կը գտնուէր հայկական դաշտին մէջ եւ սպասելի էր, որ հայկական կողմը պէտք էր հանդէս գար որոշակի նախաձեռնութեամբ: Այս առումով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ` Թուրքիոյ ապագայ նախագահին ուղղուած հրաւէրը բնական քայլ էր», ըսաւ Պապեան:
«Ինչ կը վերաբերի այս քայլի արդիւնքներուն, ապա չեմ կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը պիտի գայ Հայաստան: Ատիկա պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչում, ինչ որ, բնականաբար, Անգարան ինքնիրեն չի կրնար արտօնել: Հաւանական է, որ Երեւան պիտի ժամանէ որոշ թրքական պատուիրակութիւն մը` առաւելագոյնը փոխնախարարի գլխաւորութեամբ, որ պիտի չայցելէ Ծիծեռնակաբերդ», աւելցուցած է ան:
«Մոտիւս վիվենտի» կեդրոնին ղեկավարը կը կարծէ, որ հարցին լուծումը կը գտնուի իրաւական դաշտի մէջ:
«Հարցը պէտք է տեղափոխուի իրաւական դաշտ: Իմ խորին համոզմամբ, պէտք է քննարկուին ոչ թէ Ցեղասպանութեան, այլ ատոր հետեւանքներու վերացման հարցերը: Ասիկա առաջին հերթին կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ կողմէ հայկական պատմական հողերու ապաբռնագրաւում: Միայն իրաւական դաշտին մէջ մենք կրնանք լուծել մեր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսած է Արա Պապեան:

