ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Զրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES