«Լիպանիզ Միւզիք Սքուլ»-ի Ուսուցիչներն Ու Աշակերտները Ներկայացուցին Հայ Եւ Միջազգային Աշխարհահռչակ Երաժշտահաններու Գործերը
Շաբաթ, 21 յունիս 2014-ին «Ֆեթ տը լա Միւզիք» համերգաշարերու ծիրին մէջ իր եզակի եւ բարձրորակ ելոյթը ունեցաւ «Լիպանիզ Միւզիք Սքուլ»-ը` Քրիսթինա Փափազեանի տնօրէնութեամբ, կեդրոնական Պէյրութի Քափուչիններու Սենթ Լուիզ տաճարին մէջ:
Սոյն երաժշտակրթական հաստատութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կը գործէ, արդէն երրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի այս փառատօնին:
Նորաշունչ այս երաժշտական հաստատութիւնը ունենալով արագընթաց զարգացում եւ աճ, կրցաւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել դասական ստեղծագործութիւններ` հայ եւ աշխարհահոչակ երաժշտահաններու գանձարանէն. սոյն ստեղծագործութիւնները կատարուեցան աշակերտներու եւ ուսուցիչներու կողմէ:
Պէտք է թուել Ռավելի «Պոլերօ»-ն 4 ձեռք դաշնակի համար, Ա. Խաչատուրեանի «Սուրերով պարը», Ա. Տիգրանեանի «Համբարձում Եայլա»-ն, Մոցարթի 40-րդ համանուագէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ Ա. Պապաճանեանի եւ Ա. Յարութիւնեանի «Հայկական ռափսոտիան 2 դաշնակի համար», որ հայկական տրամադրութեամբ եզրափակեց համերգը` փոխանցելով հայ երաժշտութեան ոգին օտար եւ հայ ունկնդիրին:
Հանդիսատեսը բարձր գնահատեց դպրոցին ունեցած այս իւրայատուկ ելոյթը:

