«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԵՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ, ՔԱՆ ՈՐԵՒԷ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 7 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ կաթողիկէ ընտանիքի նախագահ Մաթար արքեպիսկոպոս, բողոքական եկեղեցիներու ընտանիքի ներկայացուցիչ տոքթ. Հապիպ Պատր եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:

Սոյն հանդիպման նպատակը քննարկել էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի յառաջիկայ համաժողովը` վերջին շրջանին տեղի ունեցած նոր զարգացումներուն լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ, ներկաները նախ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկեցին Գահիրէի մէջ երեք օրեր առաջ տեղի ունեցած հայ, ասորի եւ ղպտի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ունեցած հանդիպումը եւ այդ առիթով լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու տեսակէտները յառաջիկայ համաժողովին գծով:

Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցիներու միութիւնը պահպանելու հրամայականը: Ան ըսաւ. «Եկեղեցիներու միութիւնը շատ աւելի կենսական է եւ առաջնահերթ, քան որեւէ համաժողով, կամ կառոյց: Որեւէ ժամանակէ աւելի անհրաժեշտ է որ Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները, մէկդի դնելով տեսակ-տեսակ զգայնութիւններ, գործնապէս արտայայտեն իրենց միութիւնը: Արդարեւ, փոխադարձ հասկացողութիւնը, զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը եկեղեցւոյ միութեան առաջնորդող ամէնէն ապահով միջոցներէն մէկն է»:

 

Share this Article
CATEGORIES