Շումախըր Մինչեւ Իր Կեանքին Աւարտը Հաշմանդամ Կրնայ Մնալ

2306schumi«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի նախկին ախոյեան գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի մասին շաբաթ մը առաջ տրուած լուրը, թէ ան դուրս եկաւ մահաքունէն, եթէ որոշ չափով ուրախացուցիչ էր, անդին նախորդ շաբաթավերջին հրապարակուած այն լուրը, թէ ան մինչեւ իր կեանքին աւարտը հաշմանդամ կրնայ մնալ, բաւական տխրեցուցիչ էր:

Ցիւրիխի մէկ հիւանդանոցը գտնուող Շումախըրը բժշկող բժիշկը` Էրիք Ռիտերեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Շումախըր կէս տարիէ ի վեր հիւանդանոց գտնուելով, անոր մկանները ամբողջութեամբ քայքայուած եւ շատ գէշ կերպով վնասուած են: Մարդիկ եթէ ներկայիս զայն տեսնեն, կը սարսափին: Շատ հաւանաբար շատեր այժմ զինք չեն կրնար ճանչնալ: Այսպիսի պարագաներու ես շատ հանդիպած եմ: Դժբախտաբար կու գամ ըսելու, որ նմանօրինակ պարագաներ դժուար թէ վերստին իրենց անցեալին նման ըլլան»:

 

Share this Article
CATEGORIES